Հայաստանի Սիւնիքի մարզին մէջ՝ Շիկահողի արգելոցի տարածքին մէջ, ատրպէյճանական դիրքերու, ամրաշինական աշխատանքներու եւ ճանապարհներու բացման համար մօտ 60 հեքթար անտառ հատուած է։ Հատումները կը շարունակուին մինչ օրս։ Այս մասին գրած է Hetq.am-ը:
«Հետքը» Planet-ի արբանեակային քարտէզներով, Google Earth-ի արբանեակային լուսանկարներով ուսումնասիրած է արգելոցի տարածքի հատումները։ Անտառային ոլորտի մասնագէտներու եւ այդ ոլորտի ծրագրային գործիքներու օգնութեամբ փորձած են հաշուարկել հատումները։
Հակառակորդի բացած ճանապարհները միջինը 7-8 մեթր լայնութեամբ են։ Սակայն ճանապարհներու համար հատումները հաւասար եզրագիծերով չեն կատարուիր, ատոնց զուգահեռ նաեւ որոշակի հատուածներ նոսրացած են։ Հատուած են յատկապէս կաղնի եւ բոխի ծառատեսակներով ձեւաւորուած ծառուտներ։
Անտառագէտ Այսէր Ղազարեանն ըսած է, որ բացի վերոնշեալ անտառներէն, աւերուած են նաեւ թփուտային տարածքներ։ Ընդհանուր առմամբ, հողային աշխատանքներ իրականացուած են 90 հեքթարի վրայ, որմէ անտառածածկ տարածքները կազմած են մօտ 60 հեքթար: Այս պարագային առնուազն 14 000-16 000 մ³ փայտանիւթ կտրուած է Շիկահողի արգելոցի տարածքէն։
«Հետք»ն առանձնացուցած է ատրպէյճանական ներխուժման հետեւանքով հատուած անտառներու քանի մը ուղղութիւն։
Շիկահողի արգելոցի հարաւ-արեւելեան հատուածէն հակառակորդի ներխուժումն ակներեւ է 2023-ին, երբ հատուած են Շիկահողի արգելոցի ստորին փեշերը՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանի հայկական կողմէն բլուրի վրայ դիրքաւորուելու համար։
2023-ի օգոստոսէն արդէն արբանեակային պատկերներու մէջ կ՚երեւին հատումներ եւ նոր ճանապարհներ արգելոցի եւ հայ-ատրպէյճանական սահմանի հարաւ-արեւելեան մասէն աւելի վեր ինկած հատուածին մէջ։