Ի պատասխան ՀՀ կառավարութեան կողմէ Ատրպէյճանի դէմ Եւրոպական դատարան ներկայացուած միջանկեալ միջոց կիրառելու մասին շարք մը պահանջներու, Ատրպէյճանի կառավարութիւնը Եւրոպական դատարանէն խնդրած է լրացուցիչ ժամանակ ռազմագերիներու մասին ամբողջական տեղեկութիւն տրամադրելու համար։ Այդ մասին յայտնած են Միջազգային իրաւական հարցերով ՀՀ ներկայացուցչութենէն:
Նշուած է, որ խնդրանքը բաւարարուած է դատարանի կողմէ։ Ատրպէյճնի համար նշանակուած նոր վերջնաժամկէտը 29 սեպտեմբերն է։