Ատրպէյճանը կը ձգտի Հայաստանի հետ խաղաղութեան եւ երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման, յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւը:
Բայց խաղաղութեան որեւէ գործողութիւն կը պահանջէ, որ երկու կողմերը կատարեն իրենց դերը, եւ Հայաստանը նոյնպէս պէտք է կատարէ իր դերը եւ դրսեւորէ բարի կամք:
«Այժմ մեր տարածաշրջանին մէջ նոր իրողութիւններ եւ «սթաթուս քո» են։ Այս նոր իրողութիւնները հիմնուած են արդարութեան, օրինականութեան վրայ», -ըսած է Հաճիեւ: