image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճան հերթական անգամ կրակ բացաւ Գեղարքունիքի ուղղութեամբ

Ատրպէյճան  հերթական  անգամ կրակ բացաւ Գեղարքունիքի ուղղութեամբ

29 Յուլիսին, ժամը 08։40-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրկին կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի Գեղարքունիքի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ, կը հաղորդէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

«Ծաւալուել է կարճատեւ փոխհրաձգութիւն, հայ դիրքապահներու գործողութիւններից յետոյ հակառակորդի կրակը լռեցուել է։ 29 Յուլիսի սադրանքների հետեւանքով հրազէնային վիրաւորում է ստացել ՀՀ ԶՈւ մէկ զինծառայող։ Ժամը 09։30-ի դրութեամբ իրադրութիւնը հանգիստ է»,- յայտնած է ՊՆ-ը։

29 Յուլիսին, ժամը 03:00-ի սահմաններուն, Գեղարքունիքի հատուածին մէջ, ատրպէյճանական ստորաբաժանումները կրկին դիմած էին սադրանքի` հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բանալով հայկական դիրքերու ուղղութեամբ։