image

Ատրպէյճանի յարձակման անդրադարձ չկայ. Հայաստանը վերապահումով միացած է «Յանուն Ժողովրդավարութեան» գագաթնաժողովի Հռչակագրին

Ատրպէյճանի յարձակման անդրադարձ չկայ. Հայաստանը վերապահումով միացած է «Յանուն Ժողովրդավարութեան» գագաթնաժողովի Հռչակագրին

«Յանուն Ժողովրդավարութեան» երկրորդ գագաթնաժողովի լիագումար նիստի աւարտին ընդունուած է Հռչակագիր, որուն Հայաստանի Հանրապետութիւնը միացած է վերապահումով:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը ձեռնպահ մնացած է հետեւեալ պարբերութենէն՝ նշելով, որ այն համապարփակ եւ ընդգրկուն կերպով չարտացոլեր բոլոր հակամարտութիւնները եւ ճգնաժամերը եւ չանդրադառնար Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքի դէմ Ատրպէյճանի յարձակողական դրսեւորման եւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի որոշակի հատուածներու բռնագրաւման փաստին.

«Մենք կը վերահաստատենք մեր ամուր վճռականութիւնը՝ աջակցելու աշխարհի այն երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն, որոնք հաւատարիմ են ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան արժէքներուն՝ ընդդէմ ատոնք խարխլելու ուղղակի կամ անուղղակի փորձերու կամ սպառնալիքներու:

Մենք կ'ընդունինք ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան հիմնարար սկզբունքները, համաձայն որոնց բոլոր պետութիւնները իրենց միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ պէտք է զերծ մնան որեւէ պետութեան տարածքային ամբողջականութեան կամ քաղաքական անկախութեան դէմ ուժի սպառնալիքէն կամ կիրառումէն եւ իրենց միջազգային վէճերը կարգաւորեն խաղաղ միջոցներով:

Մենք կ'ընդունինք պետութիւններու անհատական կամ խմբային ինքնապաշտպանութեան անկապտելի իրաւունքը՝ համաձայն Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան կանոնադրութեան 51-րդ յօդուածի:

Մենք կ'ընդգծենք Ուքրանիոյ մէջ հնարաւորինս շուտ համապարփակ, արդար եւ երկարատեւ խաղաղութեան հասնելու անհրաժեշտութիւնը ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան սկզբունքներուն համապատասխան:

Մենք կը ցաւինք Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ Դաշնութեան յարձակման հետեւանքով ի յայտ եկած մարդու իրաւունքներու եւ մարդասիրական սարսափելի հետեւանքներու համար, ներառեալ ողջ Ուքրանիոյ մէջ վտանգաւոր ենթակառուցուածքներու դէմ շարունակական յարձակումները, որոնք աւերիչ հետեւանքներ ունին խաղաղ բնակչութեան համար, եւ մեր խորը մտահոգութիւնը կը յայտնենք քաղաքացիական զոհերու մեծ թիւի կապակցութեամբ, ներառեալ կանանց եւ երեխաներու, մարդասիրական օգնութեան կարիք ունեցող ներքին տեղահանուած անձանց եւ փախստականներու թուի, ինչպէս նաեւ երեխաներու նկատմամբ կատարուած խախտումներու ու բռնութիւններու կապակցութեամբ:

Մենք խորապէս մտահոգուած ենք համաշխարհային պարէնային անվտանգութեան, ուժանիւթի, միջուկային անվտանգութեան եւ ապահովութեան, ինչպէս նաեւ շրջակայ միջավայրի վրայ պատերազմի անբարենպաստ ազդեցութեամբ:

Մենք կը պահանջենք, որ Ռուսիան անյապաղ, ամբողջութեամբ եւ անվերապահօրէն դուրս բերէ իր բոլոր ռազմական ուժերը միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններով Ուքրանիոյ տարածքէն եւ կոչ կ'ընենք դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները։

Մենք նաեւ կոչ կ'ընենք զինուած հակամարտութեան կողմերուն հաւատարիմ մնալու միջազգային իրաւունքով, ներառեալ միջազգային մարդասիրական իրաւունքով ստանձնած պարտաւորութիւններուն:

Մենք նաեւ կոչ կ'ընենք ամբողջութեամբ փոխանակել ռազմագերիները, ազատ արձակել բոլոր ապօրինի ձերբակալուածները եւ վերադարձնել բոլոր բռնի տեղափոխուած եւ արտաքսուած քաղաքացիական անձերը, այդ շարքին՝ երեխաները։

Մենք վճռականօրէն կ'աջակցինք Ուքրանիոյ տարածքին մէջ միջազգային իրաւունքով լրջագոյն յանցագործութիւններու համար պատասխանատւութեան ենթարկելը՝ ազգային կամ միջազգային մակարդակով պատշաճ, արդար եւ անկախ հետաքննութիւններու եւ քրէական հետապնդումներու միջոցով, ինչպէս նաեւ բոլոր զոհերու համար արդարադատութեան ապահովումը եւ ապագայ յանցագործութիւններու կանխարգելումը»:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն 29 մարտին մասնակցած է «Յանուն Ժողովրդավարութեան» երկրորդ գագաթնաժողովի լիագումար նիստին: Գագաթնաժողովը կայացած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի նախաձեռնութեամբ՝ առցանց ձեւաչափով: