image

Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսը կը մեկնի Լոս Անճելըսէն՝ ետին ձգելով խաբէութեան հետք

Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսը կը մեկնի Լոս Անճելըսէն՝ ետին ձգելով խաբէութեան հետք

Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոս՝ Նասիմի Աղայեւ, Օգոստոսի վերջաւորութեան մեկնած է Լոս Անճելըսէն՝ դառնալու համար իր երկրին նոր դեսպանը, Գերմանիոյ մէջ։ Աղայեւ իր ետին խաբէութեան հետք թողած է։ Կը յուսամ, որ Գերմանիոյ կառավարութիւնը ուշադրութեամբ կը հետեւի այս կասկածելի ատրպէյճանցի «դիւանագէտ»ին:

 

Սկսինք ամէնէն վերջին խայտառակութենէն։ Անցեալ շաբաթ, «Թուիթըր» եւ «Ֆէյսպուք» ընկերային ցանցերուն վրայ Աղայեւ հպարտութեամբ հրապարակեց վկայական մը, որ կը կրէր Լոս Անճելըսի գաւառի  հինգ վերահսկիչներէն չորսին ստորագրութիւնները. անոր մէջ  երախտագիտութիւն կը յայտնուէր՝ Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսի պաշտօնին իր ծառայութեան համար:

Առաջին ակնարկը, թէ բան մը սխալ էր, այն էր, որ վկայականին մէջ չկար Լոս Անճելըսի գաւառի  հինգերորդ վերահսկիչ Շէյլա Քիւլի անունը։ Նման փաստաթուղթեր սովորաբար կը ստորագրուին բոլոր հինգ վերահսկիչներուն կողմէ, ինչ որ դիւանագիտական արձանագրութիւնն է։ Պէտք է որ  յատուկ  պատճառ  մը ըլլար այն մասին,  թէ ինչո՞ւ կը բացակայի  վերահսկիչ Քիւլի ստորագրութիւնը: Երբ  Ամերիկայի  Հայ  Դատի  յանձնախումբը  (Արեւմտեան  շրջան)         հարցուց  վերահսկիչ  Քիւլի  աշխատակազմի անդամներուն, թէ ինչո՞ւ անոր ստորագրութիւնը չկայ վկայականին վրայ, անոնք պատասխանեցին, որ խնդրած են Լոս Անճելըսի գաւառի արձանագրային գրասենեակէն՝ չաւելցնել անոր ստորագրութիւնը: Կը պարզուի, որ մնացեալ չորս վերահսկիչները նոյնպէս թույլտուութիւն չեն տուած իրենց անունները աւելցնելու համար վկայականին։

Կարճ ժամանակ անց, երբ Աղայեւ վկայականը տեղադրեց իր թուիթըրեան եւ ֆէսպուքեան էջերուն վրայ, չորս վերահսկիչներէն իւրաքանչիւրը՝ Հոլի Միչըլ, Հիլտա Սոլիս, Քեթրին Պարկըր եւ Ճենիս Հան, թուիթըրեան առանձին գրառումներով Հայ Դատի յանձնախումբին տեղեկացուցին, որ իրենց ստորագրութիւնները «սխալմամբ աւելցուած են վկայականին՝ առանց իրենց թոյլտուութեան»։

Չորս վերահսկիչները իրենց «Թուիթըր»-ին կցած են Լոս Անճելըսի գաւառի վերահսկիչներու արձանագրային գրասենեակի ղեկավար Լուրտ Սաապի կողմէ ներողութիւն խնդրելու նամակը: Նամակը յղուած է բոլոր չորս վերահսկիչներուն։ Ահա՛ հատուած մը՝ վերցուած այսօրինակ նամակէ մը. «Լոս Անճելըսի գաւառի արձանագրային գրասենեակը սխալմամբ աւելցուցած է վերահսկիչ Քեթրին Պարկըրի ստորագրութիւնը, անցեալ շաբաթ Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսին ներկայացուած  վկայականին  եւ  կը փափաքի հրապարակայնօրէն նշել սխալը»:

Այն բանէն ետք, երբ ես կապ հաստատեցի Լոս Անճելըսի գաւառի գրասենեակի գործադիր տնօրէնի տեղակալ Պրենտա Տիւրանի հետ՝ անկէ խնդրելով պարզաբանել Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսին սխալմամբ տրուած վկայականին կարգավիճակը, ան գրաւոր պատասխանեց․ «Լոս Անճելըսի  գաւառի  արձանագրային գրասենեակը (գրասենեակ) ներողութիւն կը խնդրէ որեւէ շփոթութեան համար: Վերահսկիչներու ստորագրութիւնները սխալմամբ կիրարկուած են։ Համապատասխանաբար, գրասենեակը կը յայտարարէ, որ չարտօնուած վկայականը անվաւեր է եւ պէտք է հեռացուի  ընկերային լրատուական բոլոր միջոցներէն կամ որեւէ այլ հարթակէ: Քանի որ Լոս Անճելըսի գաւառը կապուած չէ գրասենեակի կողմէ այդ գրասենեակի լիազօրութիւնները գերազանցող չարտօնուած եւ սխալ գործողութիւններու հետ, ոչ ոք պէտք է հիմնուի այդ վկայականին վրայ՝ իբրեւ Լոս Անճելըսի գաւառի որեւէ տեսակի յայտարարութիւն»։

Այսուհանդերձ, Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսին սխալմամբ տրուած վկայականը տակաւին տեղադրուած է անոր թուիթըրեան եւ ֆէյսպուքեան էջերուն մէջ՝ այն կեղծ պնդումով, որ իբր թէ ան մեծարուած  է  Լոս  Անճելըսի  շրջանի  վերահսկիչներու  կողմէ։  Այդ վկայականը ոչինչ կը նշանակէ, եւ սխալ տրուած այսպիսի վկայականի մը հրապարակումը անպարկեշտութիւն է: Ամչնալու փոխարէն, Աղայեւ քննադատած է Հայ Դատի յանձնախումբը՝ այս սխալ վկայականը վերահսկիչներու ուշադրութեան յանձնելուն համար:

Ոչ ոք պէտք է զարմանայ, քանի որ առաջին անգամը չէ, որ Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսը հանդէս կու գայ նման խայտառակ եւ անպարկեշտ պահուածքով։ Կայ չորս օրինակ եւս։ Անցեալ տարուան Հոկտեմբերին, ես յօդուած մը գրեցի՝ բացայայտելով, որ Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսը հրապարակած է Սէն Տիեկոյի քաղաքապետին կողմէ հրապարակուած եւ հետագային չեղեալ նկատուած հռչակագիրը։ Քաղաքապետը ներողութիւն խնդրեց, յաջորդ օրը չեղեալ յայտարարեց իր հռչակագիրը եւ խոստացաւ՝ Ատրպէյճանի վերաբերեալ հռչակագրեր չհրապարակել հետագային։ Նմանապէս, Պոսթոնի քաղաքապետ Մարտին Ուոլշ, Փետրուար 2021ին հրապարակեց եւ աւելի ուշ չեղեալ յայտարարեց այսպէս կոչուած «Խոջալուի օր»ը յիշատակելու մասին հռչակագիրը: Քաղաքապետը երկու շաբաթ անց չեղեալ յայտարարեց իր հռչակագիրը եւ ներողութիւն խնդրեց հայ համայնքէն։

Նոյն դէպքը կրկնուեցաւ Մէյն  նահանգի Փորթլէնտ քաղաքին մէջ։ Քաղաքապետ Քեթլին  Սնայտըր, 17 Փետրուար 2021ին,  ի սկզբանէ հռչակագիր  հրապարակեց՝ ի յիշատակ «Խոջալուի յիշատակի օրուան»: Սակայն, 1 Ապրիլ 2021ին, քաղաքապետը գրեց. «Ես որոշած եմ չեղեալ համարել քաղաքապետին հռչակագիրը … Անգամ մը եւս կը հայցեմ ձեր ներողամտութիւնը՝ սոյն հռչակագրի հրապարակման հետեւանքով պատճառուած ցաւին ու վնասին համար»։

Վերջապէս, 15 Հոկտեմբեր 2021ին, Գալիֆորնիոյ Թորընս քաղաքը հռչակագիր  հրապարակեց՝  նշելու «Ատրպէյճանի օր»ը։ Նոյն օրը, աւելի ուշ, Թորընսի քաղաքապետ Փաթրիք Ֆիւրին ըսաւ, որ քաղաքապետարանը «սխալմամբ հռչակագիր հրապարակած է: Նախապէս քաղաքային իշխանութիւնները Թորընս քաղաքը հռչակած էին Ատրպէյճանի ազգային օր՝ անոր ուժի մէջ մտնելուն նոյն օրը: Հաշուի առնելով յարակից տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւնները՝ քաղաքային իշխանութիւնները յարգանքով խնդրած են Լոս Անճելըսի մէջ Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսութենէն՝ ջնջել յայտարարութիւնը լրատուական բոլոր միջոցներէն»:

Սակայն, Սէն Տիեկոյի եւ Թորընսի չեղեալ նկատուած յայտարարութիւնները կը մնան գլխաւոր հիւպատոս Աղայեւի ֆէյսպուքեան էջին վրայ:

Զարմանալի է, որ նման ապաշնորհ եւ  անպարկեշտ  գլխաւոր հիւպատոսին պաշտօնանկ ընելու փոխարէն, աւելի կը բարձրացնեն՝ զայն նշանակելով Գերմանիոյ դեսպան։ Նկատի ունենալով Լոս Անճելըսի մէջ Աղայեւի բազմիցս կրկնուող ոչ դիւանագիտական ​​պահուածքը՝ նախագահ Ալիեւ աւելի վատ ընտրութիւն չէր կրնար ընել՝ քան դեսպանի կոչում շնորհելով անոր։

Յարութ Սասունեան

«Կալիֆորնիա կուրիեր» թերթի հրատարակիչ

www.TheCaliforniaCourier.com

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան

Յարութ Սասունեան

Յարութ Սասունեան

California Courier շաբաթաթերթի հրատարակիչն եմ...