image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանէն ներողութիւն պահանջել. CCAF -ի Կոչը

Ատրպէյճանէն ներողութիւն  պահանջել. CCAF -ի Կոչը

13 Յունուարին, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը (CCAF) յայտարարութիւն տարածած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի սպառնալիքներու մասին ուղղուած Ֆրանսայի նախագահի հանրապետական թեկնածու, Իլ-տը-Ֆրանս շրջանի նախագահ՝ Վալերի Փեքրեսին։ Ալիեւ յայտարարած էր, որ Ատրպէյճան տեղեակ չէ եղած Վալերի Փեքրեսի՝ Լեռնային Ղարաբաղ այցելութեան մասին, սակայն, իմանալու պարագային ակնյայտ է, որ թոյլ չէր տար անոր լքել Լեռնային Ղարաբաղը։

CCAF-ը, մասնաւորապէս, կոչ ըրած է Ֆրանսայի իշխանութիւններուն Ատրպէյճանէն բացատրութիւն եւ ներողութիւն պահանջելու նախագահական ընտրութիւններու թեկնածուի հասցէին այդպիսի ահաբեկող յայտարարութեան վերաբերեալ, եւ, անոնք չստանալու պարագային, ետ կանչել իր դեսպանը Պաքուէն եւ արտաքսել Ֆրանսայէն Ատրպէյճանի դեսպանը։

Վալերի Փեքրես մամուլի հետ զրոյցին, նշած է նախագահական ընտրութիւններուն թեկնածուի հասցէին նման սպառնալիք հնչեցնելու լրջութեան մասին, եւ որ թեկնածուն պէտք է ըլլայ ազատ՝ երթալու այնտեղ, ուր կը ցանկայ։ Վալերի Փեքրես նշած է նաեւ, որ այդ սպառնալիքները զինք չեն վախցնար, սակայն ցնցուած է սպառնալիքներու վերաբերեալ ֆրանսական կառավարութեան լռութենէն։ Փեքրես նշած է, որ կը ցանկար, որ ֆրանսական կառավարութիւնը պաշտօնապէս պատասխաներ Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններու թեկնածուի հասցէին օտարերկրեայ պետութեան նախագահի կողմէ հնչած այդպիսի սպառնալիքին։

Ֆրանսայի նախագահի թեկնածու Վալերի Փեքրես Հայաստան եւ Արցախ այցելած է անցեալ տարուայ 21-23 Դեկտեմբերին։ Այցի ընթացքին անոր ուղեկցած են Ֆրանսայի նախկին ԱԳ նախարար եւ նախկին եւրոպական յանձնակատար՝ Միշել Պարնիէ, ինչպէս նաեւ՝ Ֆրանսայի Սենատի հանրապետական խմբակցութեան ղեկավար՝ Պրունօ Ռըտայօ։