Քիչ առաջ յայտնի դարձաւ, որ ատրպէյճանցի ֆիթնես-մարզիկ եւ թիքթոքըր Քեամիլ Զէյնալլին ազատ արձակուած է Մոսկուայի մէջ:
Այս մասին ատրպէյճանական APA գործակալութեան մոսկովեան թղթակցին յայտնած է Զէյնալլիի փաստաբանը:
Փաստաբան Ալեքփեր Կարաեւը ըսած է, որ Ռուսիան մարդասիրական քայլ կատարած է հակառակ Հայաստանի ներկայացուցած մեղադրանքներուն: «Ատրպէյճանի աջակցութեամբ եւ պնդումով Զէյնալլին այսօր պիտի վերադառնայ իր հայրենիք»,-ըսած է փաստաբանը:
Նշենք, որ, ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու, Զէյնալիին մեղադրանք առաջադրուած է 4 յօդուածով՝ մարդկութեան դէմ գործած յանցագործութիւններ, ռազմական յանցագործութիւններ, ռազմական յանցագործութիւններ պատերազմի ժամանակ արգիլուած մեթոտներով, վարձկաններու հաւաքագրում եւ յարձակում:
Հայկական լրատուամիջոցները հաղորդած են, որ Զէյնալլին այն մարդոցմէ մէկն է, որ Հադրութի մօտ 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ գլխատած է հայ տարեց տղամարդը: