Բռնագրաւուած Քարվաճառի մէջ ականներու պայթումէն երեք ատրպէյճանցի վիրաւորուած է։ Ինչպէս յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, միջադէպը տեղի ունեցած է 19 յուլիսին։
Հաղորդուած է, որ 1969-ի ծնունդ Խալիֆա Հուսէյնով վնասուածքներ ստացած է հակաթանկային ականի պայթումէն, իսկ 1978-ի ծնունդ Սամանտար Մամետով, որ անկէ քիչ մը հեռու կը գտնուէր, բեկորային վնասուածքներ ստացած է ։
Վիրաւորներուն օգնութեան եկած է 1976-ի ծնունդ Ռախիմ Կարաշով, որ տարբեր աստիճանի ծանրութեան վնասուածքներ ստացած է երկրորդ ականի պայթումէն։