image

Ատրպէյճանցի 20-ամեայ երիտասրդուհին մեղադրուած է Հայաստանի համար լրտեսութեան մէջ

Ատրպէյճանցի 20-ամեայ երիտասրդուհին մեղադրուած է Հայաստանի համար լրտեսութեան մէջ

Ատրպէյճանի մէջ 20-ամեայ աղջիկ մը մեղադրած են Հայաստանի օգտին լրտեսութեան եւ ՀՀ յատուկ ծառայութեան աշխատակիցի միջոցով Ատրպէյճանի մասին տեղեկութիւններ փոխանցելու համար։ Յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։ 

Ֆիտան Ալիեւային մեղադրանք առաջադրուած է հայրենիքի դաւաճանութեան յօդուածով։ Անոր կը սպառնայ մինչեւ 20 տարուայ կամ ցմահ ազատազրկում։ Ան հերքած է մեղադրանքները։

Ըստ տարածուած տեղեկութեան՝ Ալիեւա եղած է 2022 թուականի 12 դեկտեմբերին Լաչինի միջանցքը արգելափակած «բնապահպաններէն մէկը»։

Մեղադրանքի համաձայն՝ ան տեղեկութիւններ, տեսանիւթեր, լուսանկարներ փոխանցած է Հայաստանի յատուկ ծառայութեան աշխատակիցին, որուն հետ ծանօթացած է «Թելեկրամի» միջոցով։