image

Ատրպէյճան «Զօրաց քարեր»ը իբրեւ իր տարածքին պատկանող յուշարձան կը ներկայացնէ

Ատրպէյճան «Զօրաց քարեր»ը իբրեւ իր տարածքին պատկանող յուշարձան կը ներկայացնէ

Վերջին շրջանին Ատրպէյճան նպատակային արշաւ սկսած է ՀՀ ինքնիշխան տարածքին դէմ եւ զանազան մշակութային միջոցառումներով կը փորձէ «օրինականացնել» տարածքային նկրտումներն ու հայկական մշակութային ժառանգութեան իւրացման գործընթացին նոր ուղղութիւններ տալ՝ թիրախաւորելով նիւթական եւ ոչ նիւթական ժառանգութիւնը, պատմութիւնը, ինքնութիւնը։ Այս մասին գրած է Monument Watch:

Այդպիսի միջոցառում էր Բերձորի մէջ 6 օգոստոսին «Արեւմտեան Ատրպէյճանի համայնք»-ի նախաձեռնած հաւաքը՝ «Սփիւռքի երիտասարդութեան հինգերորդ ամառնային ճամբար»-ի ծիրէն ներս։ Յատուկ նպատակամիտութեամբ այս ճամբարը, որ կ'ընթանար 1-7 օգոստոսին, իր շուրջը համախմբած էր աշխարհի 60 երկիրներէ շուրջ 115 երիտասարդներ:

Միջոցառումը պետական նպատակամիտութիւն է եւ կը քարոզէ Իլհամ Ալիեւի՝ հայկական տարածքներու իւրացման քաղաքականութիւնը, որու վառ ապացոյցը Հէյտար Ալիեւի հիմնադրամի կողմէ ֆինանսաւորումն էր եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան Սփիւռքի հետ աշխատանքի պետական կոմիտէի կողմէ իրականացուող կազմակերպչական աշխատանքները:

Հանդիպման ընթացքին «Արեւմտեան Ատրպէյճան համայնք» կազմակերպութեան անդամները ելոյթ ունեցած են ՀՀ ինքնիշխան տարածքի նկատկամբ ատրպէյճանական բացայայտ նկրտումներու եւ «Արեւմտեան Ատրպէյճան» կեղծ եզրոյթի մասին։ Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանի մէջ «Արեւմտեան Ատրպէյճան» ըսելով նկատի ունին ներկայ Հայաստանի ողջ տարածքը։

Ցուցադրուած են նաեւ «Հայեացք Արեւմտեան Ատրպէյճանին» վաւերագրական շարժանկարը, լուսանկարներ, ուր ՀՀ պատմական յուշարձանները ներկայացուած են որպէս «ատրպէյճանական» հնագոյն ժառանգութիւն։

Ի թիւս արդէն իսկ ատրպէյճանական հռչակուած Սեւանի, Սիւնիքի եւ Երեւանի, այս անգամ «Ատրպէյճանի պատմական տարածքը գտնուող յուշարձան» կը ներկայացուի նաեւ Սիսիանի տարածաշրջանը գտնուող «Զօրաց քարեր» պատմամշակութային յուշարձանը։

Յիշեցնենք, որ այսպիսի միջոցառումները շարունակական բնոյթ կը կրեն, եւ նախորդը տեղի ունեցած էր Նախիջեւանի մէջ՝ 21-22 յունիսին կատարուած ազգագրական փառատօն-համագումարի ծիրէն ներս, որ կը կրէր «Վերադարձ դէպի Արեւմտեան Ատրպէյճան» խորագիրը։