Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութիւնը, թէ մարտ 18-ին՝ 08։55-ի սահմաններուն, ՀՀ Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են սահմանագօտիի արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ, չի համապատասխաներ իրականութեան։ Այս մասին յայտնած են ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութենէն:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմն առաջարկած է հրադադարի ռեժիմի խախտման դէպքերու եւ/կամ այդ մասին տեղեկութիւններու հետաքննութեան Հայաստան-Ատրպէյճան համատեղ մեքենականութիւն ստեղծել, որուն մինչեւ օրս Ատրպէյճանը չէ արձագանգած։
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը վերահաստատած է, որ ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի դիրքորոշման համապատասխան՝ պատրաստ է հետաքննելու Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութիւնը հիմնաւորող փաստերը՝ ատոնք ՀՀ-ին փոխանցելու պարագային։
Այս պահի դրութեամբ Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան չէ փոխանցած ՀՀ Զինուած ուժերու ստորաբաժանումներու կողմէ հրադադարի ռեժիմի խախտման ոչ մէկ փաստական տուեալ կամ հիմնաւորում։