image
Հրատապ լուրեր:

«Ատրպէյճան կրակի հետ կը խաղայ». Դոկտ. Սահակ Անտէքեան

«Ատրպէյճան կրակի հետ կը խաղայ». Դոկտ. Սահակ Անտէքեան

Բնիկ Լիբանանահայ ակադեմական գործիչ եւ միջազգային հակամարտութիւններու կառավարման փորձագէտ դոկտ. Սահակ Անտէքեան օրերս հարցազրոյց մը տուած է «Ժուսուր» կայքին։ Նիւթի շահեկանութեան համար «Արեւելք» այն թարգմանեց ՝արեւմտահայերէնի եւ թարգմանութիւնը կատարեց՝ Ն. Տաղլեան։

Ստորեւ կը ներկայացնենք հարցազրոյցն իր ամբողջութեանը մէջ յիշեցնելով, որ այն կատարուած է լիբանանցի լրագրող Էլիաս Մաալուֆ։

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութիւնը կը շարունակուի։ Լեռնային Ղարաբաղի վիճելի տարածաշրջի լարուածութիւնը սրացած է։ Երեւանը Պաքուն կը մեղադրէ Լեռնային Ղարաբաղի 120 հազար հայերու պաշարման մեջ՝ փակելով Լաչինի միջանցքը, որ կը կապէ տարածաշրջանն ու հայկական հողերը:

 

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանը կը հերքէ բոլոր մեղադրանքները եւ կը պնդէ, որ ինք չէ շրջափակած Լեռնային Ղարաբաղը, եւ որ մարդասիրական և բժշկական երթեւեկութիւնն անցանելի է։ Սակայն հայերուն համար իրավիճակը երթալով աւելի սարսափելի կը դառնայ այնտեղ։ Շրջափակման պատճառով սնունդն ու այլ անհրաժեշտ պարագաները պակսած են եւ շատեր իրենց ընտանիքի անդամներէն հեռու են, քանի որ ճգնաժամի սկզբը Հայաստան կը գտնուէին:

 

Ռուսիոյ հետաքրքրութիւնը

 

2020-ին, Ռուսաստանը օգնեց, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ պատերազմը դադրի եւ ռուսական ուժերը կը հսկեն, որպէսզի հրադադարը պահպանմանուի։ Սակայն, Կովկասի մէջ ճգնաժամային վիճակը կ՚աճէր, Մոսկուան չմիջամտեց, քանի որ զբաղած էր Ուքրաինիոյ դէմ պատերազմով։ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը մեղադրեց Մոսկուան իրեն վստահած առաքելութիւնը՝ խաղաղապահի դերը չկատարելու մէջ՝ նշելով, որ առաքելութեան պարտականութիւնն է նման անօրինական գործողութիւններ կանխարգիլելը եւ Լաչինի միջանցքը վերահսկողութեան տակ պահելը, մասնաւորաբար՝ Լեռնային Ղարաբաղի սահմանը պաշտպանելու։ Բացի այդ, Հայաստանը մերժեց Ռուսաստանի գլխաւորած ռազմական դաշինքի զօրավարժութիւններ կատարելը, Մոսկուայի դիրքորոշումներէն իր դժգոհութեան պատճառով։

 

«Ժուսուր»ին տուած իր հարցազրոյցին մէջ, միջազգային հակամարտութիւններու կառավարման փորձագէտ դոկտ. Սահակ Անտէքեանը ըսաւ, որ Հայաստանը միշտ պիտի մնայ ռուսական ուղեծիրին մէջ, եւ թէ ան միշտ պիտի ըլլայ Մոսկուայի դաշնակից եւ եղբայր երկիր մը, քանի մը պայմանագիրերու պատճառով, որոնցմէ են՝ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրը, ԱՊՀ ՀՕՊ-ը եւ Շանհայի համագործակցութիւնը։ Հետեւաբար, այն, ինչ տեղի կ՚ունենայ Ռուսաստանի հետ, կ՚արտացոլայ նաեւ Հայաստանի մէջ՝ աշխարհագրական մերձեցման եւ համատեղպայմանաւորուածութիւններու իբրեւ արդիւնք, երկու պետութիւններու միջեւ եղած կապի շնորհիւ։ Հետեւաբար, Հայաստանի անվտանգութեան, տնտեսութեան եւ քաղաքական առումով ակնհայտ եւ սերտ կապը Ռուսաստանի հետ «անխուսափելի իրողութիւն է», քանի որ Հայաստանը կը վերահսկուի ռուսերու կողմէ եւ ազատ չէ։

 

Շրջափակման դէմ բողոքի ցոյցեր

 

Հազարաւոր ցուցարարներ հաւաքուած էին Ստեփանակերտ՝ Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաքը, բողոքելու համար, Պաքուի դէմ, Երեւանի կենսական առանցքը փակելու համար, միջազգային հանրութեան կոչ ընելով «անհապաղ գործել»։

 

Անտէքեան նշեց, որ ատրպէյճանական ուժերը պաշարած են Ղարաբաղը եւ կը փորձեն նոր հաւասարութիւն պարտադրել Հայաստանին՝ հրաժարելով Լաչինի միջանցքէն Զանգեզուրի միջանցքի դիմաց։ Այս մէկը պարզ դարձաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չավուշօղլուի 2022 թուականի յայտարարութենէն ետք, երբ ըսաւ. «Մենք վճռականօրէն կ՚աջակցինք Զանգեզուրի միջանցքին, որ կ՚ապահովէ կապը Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններուն եւ Նախիջեւանին միջեւ»։

 

«Զանգեզուրի միջանցքը, կը գտնուի Հայաստանի հարաւը՝ Իրանի սահմանին։ Եթէ Ատրպէյճանը այս կամ այն կերպ ձեռք բերէ զայն, այդ մէկ կողմէ կը նշանակէ Հայաստանի վերջի սկիզբը, ինչպէս նաեւ կ՚իրականացնէ թուրանական կայսրութեան երազանքը, միւս կողմէ՝ հասնելով աշխարհագրական միասնութեան թուրք ժողովուրդներու միջեւ, որ կը տարածուի արեւմտեան Թուրքիայէն մինչեւ Չինաստանի արեւելեան սահմանը»: Անտէքեան ընդգծեց. «Այդ երազանքին հասնելու համար Թուրքիոյ միակ աշխարհագրական խոչընդոտը Հայաստանն է, յատկապէս անոր հարաւը։ Հետեւաբար, հայերուն դէմ մղուող պատերազմին մէջ, Թուրքիան կը շարունակէ Ատրպէյճանին տրամադրել փող, զէնք եւ աջակցութիւն՝ առանց ուղղակի եւ փաստացի մասնակցութեան»։

 

Ատրպէյճան կրակի հետ կը խաղայ

Անտէքեան ընդգծեց, որ Ատրպէյճանը կրակի հետ կը խաղայ եւ Զանգեզուրի միջանցքի ձեռքբերման վտանգի մասին նշելով, ըսաւ, որ այդ կը մեկուսացնէ միջանցքէն հարաւ գտնուող Հայաստանէն որոշ հողեր, յատկապէս Մեղրիի գիւղերը։ Երկրորդ՝ Հայաստանը կը մեկուսացնէ Իրանէն, որ Հայաստանէն առաջ Թեհրանին համար մերժելի է ։ Երրորդ՝ կը մեկուսացնէ Հայաստանը, որ հիւսիսէն սահմանակից է դաշնակից Վրաստանին, արեւելքէն՝ անոր թշնամի Ատրպէյճանին, արեւմուտքէն՝ պատմական թշնամի Թուրքիային:

 

Անտէքեան կ՚ըսէ, թէ հաւանական է, որ Ռուսաստանը կանգնի Զանգեզուրի միջանցքը ձեռք բերելու, թուրք-ատրպէյճանական պահանջներու կողքին, անոր դիմաց Թուրքիայէն այլ օգուտներ ստանալով։ Եւրոպական միութեան արտաքին քաղաքականութեան պատասխանատու Ճոզըֆ Պորելը այս շաբաթ յայտարարած է Ղարաբաղի մէջ քաղաքացիական առաքելութիւն ուղարկելու Եւրամիութեան մտադրութեան մասին ՝ իրավիճակի վերաբերեալ զեկոյցներ պատրաստելու եւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ անվտանգութեան եւ վստահութեան հաստատման օգնելու նպատակով: Հետեւաբար, եթէ Ատրպէյճանը շուտով չվերացնէ Ղարաբաղի շրջափակումը, Եւրամիութիւնը, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կրնան միջամտել եւ փոխել խաղի կանոնները Կովկասի մէջ:

 

Երկու կողմերու միջեւ սրումը սկսաւ իննսունականներու սկիզբը, երբ պատերազմ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ՝ մեծամասնութիւնը հայկական բնակչութենէ բաղկացած Լեռնային Ղարաբաղը վերահսկելու համար։ Այդ հակամարտութիւնը աւարտեցաւ Հայաստանի յաղթանակով։ Ատրպէյճանը տիրացաւ ընդհանուր տարածքի մօտ 13%-ը ։

 

2020 թուականին Ատրպէյճան՝ Թուրքիոյ անմիջական աջակցութեամբ եւ Իսրայէլի ռազմական աջակցությամբ պատերազմը սկսաւ Ղարաբաղի դէմ, որ խլեց հարիւրաւոր կեանքեր եւ թոյլ տուաւ Ատրպէյճանին գրաւելու Ղարաբաղի մէկ մասը։ Պատերազմը աւարտեցաւ 44-օրեայ կատաղի մարտերէն ետք, ստորագրելով երեք համաձայնագիրեր՝ Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ։

 

Աղբիւր՝ jusur.com