Հայաստանի վրայ Ատրպէյճանի յարձակումը շատ հաւանական է։ Այս մասին Փարիզի մէջ, France 24-ին տուած հարցազրոյցին նշած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:
«Մենք խնդիր ենք ունենում խաղաղութեան պայմանագրի մէջ արտայայտել այն երեք սկզբունքները, որ յայտարարուած ու հրապարակուած են միջազգային հարթակներում ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւնների շրջանակում: Վերլուծելով այս խնդիրներն ու պաշտօնական Բաքուից հնչող յայտարարութիւնները՝ գալիս ենք եզրակացութեան, որ այո՛, յարձակումը Հայաստանի վրայ շատ հաւանական է», -ըսած է Փաշինեան:
Վարչապետը մանրամասնած է, թէ «Արեւմտեան Ատրպէյճան»-ի մասին Պաքուի պաշտօնական յայտարարութիւններուն մէջ նկատի կ՚առնուի, որ Հայաստանի տարածքի մեծ մասը ատրպէյճանական է: Բացի այդ, ըստ Փաշինեանի, Ատրպէյճանը գործնականօրէն առանց տարընթերցումներու չի ճանչնար Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու սահմաններու անխախտելիութիւնը՝ չնայած «դիւանագիտական մակարդակի վրայ Ատրպէյճանը կը հաւաստիացնէ, որ յաձակման ոչ մէկ մտադրութիւն ունի»:
ՀԱՊԿ-ի մասին
Հայաստանի մասնակցութիւնը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) այս պահուն «սառեցուած» է։ Այս մասին France 24-ին ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։
«Մեր կարծիքով՝ հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրը Հայաստանի նկատմամբ կեանքի չի կոչուել, յատկապէս՝ 2021-2022 թուականներին։ Սա չէր կարող վրիպել մեր ուշադրութիւնից։ Մենք «սառեցրել» ենք մեր մասնակցութիւնն այս պայմանագրին։ Տեսնենք՝ ինչ կը լինի յետոյ»,- ըսած է Փաշինեանը։
Ան նաեւ աւելցուցած է, որ ՀԱՊԿ-ի մէջ «կը գերակայէ Մոսկուան»։
Պատասխանելով Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմակայանի հնարաւոր փակման մասին հարցին՝ ՀՀ վարչապետն ընդգծած է, որ «այս պահին դա չի քննարկւում»։