image

Ատրպէյճան կրակ բացած է հայկական դիրքերու ուղղութեամբ. Ունինք մէկ վիրաւոր

Ատրպէյճան կրակ բացած է հայկական դիրքերու ուղղութեամբ. Ունինք մէկ վիրաւոր

Նոյեմբեր 18-ին՝ ժամը 09:50-ի սահմաններուն, Պարոյր Սեւակի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքի ուղղութեամբ Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու արձակած կրակոցի հետեւանքով հրազէնային վիրաւորում ստացած է ՀՀ ՊՆ N զօրամասի զինծառայող Է. Հ.-ն:

Զինծառայողի առողջական վիճակը կը գնահատուի միջին ծանրութեան, այս պահուն անոր կեանքին վտանգ չի սպառնար։

Դէպքի հանգամանքները ամբողջովին պարզելու նպատակով կ՚ընթանայ քննութիւն: