image

Աթաթուրքի Ստորագրութեան Հեղինակը Հայազգի Յակոբ Վահան Չերչեանն Է

Աթաթուրքի Ստորագրութեան Հեղինակը Հայազգի Յակոբ Վահան Չերչեանն Է

Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քէմալ Աթաթուրքի ստորագրութեան էսքիզի (ուրուագծի) հեղինակը հայազգի մաթեմատիկոս եւ գեղագիր Յակոբ Վահրամ Չէրչեանը եղած է: Թրքական իշխանամէտ «YeniAkit» թերթի կայքը ծաւալուն եւ հանգամանալից յօդուածով անդրադարձած է թուրքական իրականութեան մէջ ոչ շատ յաճախ բարձրաձայնուող այս փաստին: Ըստ աղբիւրին՝ Թուրքիոյ մէջ ազգանուններու մասին օրէնքի ընդունումէն ետք (1934թ.), երբ Մուսթաֆա Քեմալը ընդունած է «Աթաթուրք» ազգանունը, հայ գեղագիրը յատուկ պատուէր ստացած է 24 ժամուան ընթացքին այդ նոր ազգանուան համապատասխան ստորագրութեան օրինակ ստեղծել Մուսթաֆա Քէմալի համար: Չէրչեանը, որ աւելի քան 50 տարի շարունակ թուաբանութիւն, աշխարհագրութիւն եւ գեղագիտութիւն դասաւանդած էր Պոլսոյ Ռոպէրթ Քոլէճին մէջ (ներկայիս Պոսֆորեան համալսարան), Աթաթուրքի համար ստորագրութեան հինգ տարբերակ ստեղծած է:  Մուսթաֆա  Քէմալ  Անոնցմէ  անոնցմէ ընտրած է մէկ վերջնական ուրուագիր  եւ այնուհետեւ օգտագործած է միայն այդ ստորագրութիւնը: Ինչպէս տարբեր առիթներով լրատուամիջոցներու եւ իր ուսանողներուն պատմած է ինքը՝ Յակոբ Վահրամ Չէրչեանը, իր այս ծառայութեան համար ան Աթաթուրքէն յատուկ շնորհակալական նամակ ստացած է: