image

Հայազգի Վաչէ Թովմասեանի մասնակցութեամբ ֆիլմը՝ «Քաննի փառատօն»ի գլխաւոր մրցանակակիր

Հայազգի Վաչէ  Թովմասեանի  մասնակցութեամբ  ֆիլմը՝ «Քաննի  փառատօն»ի գլխաւոր մրցանակակիր

Քաննի 77-րդ շարժապատկերի փառատօնի գլխաւոր մրցանակի՝ «Ոսկէ արմաւենիի ճիւղ»ի դափնեկիր դարձած է ամերիկացի բեմադրիչ Շոն Պէյքըրի «Անորա» ֆիլմը։

Ֆիլմի գլխաւոր դերերով հանդէս եկած են Կարէն Քարագուլեանը եւ Վաչէ Թովմասեանը։ 

Ֆիլմի սենարի հեղինակն ու բեմադրիչն է Շոն Պէյքըր, դերասանական կազմին մէջ ընդգրկուած են Մայքի Մետիսոն, Մաք Էյտելշտէյն, Եուրի Պորիսով եւ այլք։ Յաղթող ֆիլմի գործողութիւնները տեղի կ'ունենան Պրուքլինի մէջ եւ կը ներկայացնէ  երիտասարդ սեքսուալ աշխատող մը, որ ամուսնացած է ռուս սակաւապետի որդիի հետ: Փեսայի ծնողները, իմանալով կատարուածին մասին, կու գան Նիու Եորք՝ ամէն ինչ հարթելու եւ ամուսնութիւնը չեղեալ համարելու։