image

Աճուրդի ճամբով պիտի վաճառուի Հերացիի անուան համալսարանի շէնքերէն մին

Աճուրդի ճամբով պիտի վաճառուի Հերացիի անուան համալսարանի շէնքերէն մին

Կառավարութիւնը իր 31 հոկտեմբերի նիստին գոյք օտարելու մասին որոշում կայացուց:

Խօսքը Երեւանի Արաբկիր վարչական շրջանի  Մամիկոնեանց փողոց թիւ 60 հասցէ գտնուող`շուկայական արժէքին մօտարկուած 702 431 774.35 ՀՀ դրամ կալուածագրական (քադաստրային) արժէքով  3292.3 քառ. մեթր մակերեսով անշարժ գոյքի, անոր զբաղեցուցած, օգտագործման եւ սպասարկման համար յատկացուած 0.212944 հեկտար մակերեսով հողամասի, ինչպէս նաեւ Մամիկոնեանց փողոց թիւ 60/2 հասցէ գտնուող` շուկայական արժէքին մօտարկուած 321 502 394.60 ՀՀ դրամ կալուածագրական արժէքով 853.6 քառ. մեթր մակերեսով շէնք-շինութիւնները, ինչպէս նաեւ անոնց զբաղեցուցած, օգտագործման եւ սպասարկման համար յատկացուած 0.164453 հեկտար մակերեսով հողամասի մասին է:

 

Մամիկոնեանց 60 հասցէ գտնուող գոյքը նախապէս անյատոյց օգտագործման իրաւունքով տրամադրուած եղած է «Երեւանի Մ. Հերացու անուան պետական բժշկական համալսարան» հիմնադրամին, որմէ հետագային առանձնացուած է գոյքի մէկ մասը եւ գրանցուած Երեւան քաղաքի Մամիկոնեանց փողոց թիւ 60/2 հասցէով ու ներկայիս կը հանդիսանայ որպէս երկու առանձին գոյքային միաւոր, սակայն տարիներէ ի վեր գոյքը փաստացի չի շահագործուիր եւ կը գտնուի կիսաւեր վիճակի մէջ։

 

 

Ներկայացուած նախագիծով առաջարկուած է աճուրդով օտարման մեկնարկային գին սահմանել Գոյք 1-ի եւ Գոյք 2-ի, համապատասխանաբար 1 397 200 000 դրամ եւ 450 100 000  ՀՀ դրամ, գնահատուած շուկայական արժէքներու հանրագումարի 100 տոկոսի չափով՝ 1 միլիառ 847 միլիոն 300 հազար դրամ:

 

 

Սահմանուած է նաեւ, որ առաջին աճուրդի ժամանակ չվաճառուած Գոյքի վաճառքի նպատակով մինչեւ 2025 թուականի 26 յուլիսը կազմակերպել հերթական աճուրդներ՝ առանց Գոյքի վաճառքի մեկնարկային գինի նուազեցման։