image

Ասատի «Հարուած»ը Էրտողանին (Տեսանիւթ)

 Ասատի «Հարուած»ը Էրտողանին (Տեսանիւթ)

 Այս բոլորին հետ մէկտեղ յայտնի էր նաեւ, որ եթէ մինչեւ Ասատի տուած վերջին Մոսկուա այցը այս խնդրի հիմնական խաղացողը նոյնինքն Ռ. Թ. Էրտողանն էր, ապա այսօր դերերը բոլորովին շրջուած են եւ որպէս հիմնական դերակատար յայտնուած է Սուրիոյ նախագահ՝ Պաշշար Հաֆէզ Ասատը։

 

Վերջին ամիսներուն եւ ամենատարբեր հարթակներու վրայ քննարկումներ ծաւալեցան կապուած Ասատ- Էրտողան հանդիպման մը, որուն գլխաւոր «կնքահայր»ը Ռուսաստանն էր։

 Ակներեւ էր նաեւ, որ իր մեծ խնդիրներով գերլարուած վիճակ մ՚ունեցող Ռուսիոյ առաջնորդ՝ Փութինին համար այդքան ալ էական չէր յաջողութեամբ պսակել իր իսկ նախաձեռնած հաշտութեան գործընթացը, որուն հիմքով ալ Սուրիոյ մէջ պիտի ստեղծուէր բոլորովին նոր իրադրութիւն մը։

Այս բոլորին հետ մէկտեղ յայտնի էր նաեւ, որ եթէ մինչեւ Ասատի տուած վերջին Մոսկուա այցը այս խնդրի հիմնական խաղացողը նոյնինքն Ռ. Թ. Էրտողանն էր, ապա այսօր դերերը բոլորովին շրջուած են եւ որպէս հիմնական դերակատար յայտնուած է Սուրիոյ նախագահ՝ Պաշշար Հաֆէզ Ասատը։

Այս կարծիքին է մեկնաբան Սագօ Արեանը, որուն դիտարկմամբ Ասատ իր պայմաններով եւ վճռական կեցուածքով հարուած մը տուած է Էրտողանին։

 

 Ամէն պարագայի Սուրիոյ- Թուրքիա թեման պիտի շարունակէ մնալ աշխոյժ օրակարգի մը առանցքը, որուն առընթեր հիմնարար զարգացումներու ականատես պիտի ըլլանք միայն Թուրքիոյ մէջ յառաջիկայ մայիսին կայացուելիք ընտրութիւններու աւարտին։

 

Մնացեալը՝ «Արեւելք»ի տեսանիւթով։

 

Չմոռնանք յիշեցնել մեր ընթերցողներուն՝ բաժանորդագրուիլ  Arevelk.am Youtube-եան ալիքին ու նաեւ հարկ եղած պարագային մեկնաբանութիւններ թողել նիւթերուն տակ։