image

Արսէն Թորոսեան հրաժարեցաւ պատգամաւորութենէն

Արսէն Թորոսեան հրաժարեցաւ պատգամաւորութենէն

Ազգային Ժողովի «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Արսէն Թորոսեանը պատգամաւորի մանթատէն հրաժարելու դիմում ներկայացուցած է Ազգային Ժողովի նախագահին։

Տեղեկութիւնը հաստատած է ԱԺ նախագահի մամուլի խօսնակ Մովսէս Յարութիւնեանը։

«ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեանը ստացել է Արսէն Թորոսեանի դիմումը»,-ըսած է Յարութիւնեանը։

Արսէն Թորոսեանը 2018-2021-ը զբաղցուցած է առողջապահութեան նախարարի պաշտօնը: 2021-ի յունուար-յուլիսին եղած է վարչապետի աշխատակազմի ղեկավարը:

2021-ի յունիս 20-ին ԱԺ պատգամաւոր ընտրուած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան համապետական ընտրական ցուցակով: