Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարարութեան կառավարման կեդրոն մարտ 6-ին ժամը 19․45-ի սահմաններուն զանգած քաղաքացին յայտնած է, որ քաղաք Երեւանի Շէնգաւիթ վարչական շրջանի Արշակունեաց պողոտայի հասցէներէն մէկուն մէջ տղամարդու դի կայ։
Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է ՀՀ ներքին գործոց նախարարութիւնը։
Նշուած է, որ ձեռնարկուած միջոցառումներու արդիւնքով նշուած հասցէին վրայ յայտնաբերուած է 61-ամեայ Ռ․ Ա․-ի դին։
Դէպքի հանգամանքները կը պարզուին։