Միջազգային ֆինանսական պահուստներու հիմնարկը վարկաբեկուած է, Արեւմուտքի կողմէ տոլարը որպէս զէնք օգտագործուելու պատճառով,-ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինը ԱՊՀ երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարներու նեղ շրջանակին համար կայացած նիստին: Այս մասին կը տեղեկացնէ «ԹԱՍՍ»-ը։
Ան յիշեցուցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի խօսքերը, որ նշած էր, որ հաշուարկներուն մէջ ազգային արժոյթներուն արագացուած անցումը եւ փոխադարձ առեւտուրին մէջ տոլարէն հրաժարումը կը բացառեն չարաշահումները նոր համաշխարհային ֆինանսական ենթակառուցուածքի ոլորտին մէջ, թոյլ կու տան աւելի արդիւնաւէտ, շահաւէտ եւ անվտանգ գործել միջազգային գործարքներու մէջ՝ առանց տոլարի եւ այսպէս կոչուած այլ պահուստային արժոյթներու։ «Մանաւանդ որ, տոլարը որպէս զէնք օգտագործելով՝ Արեւմուտքը ընդհանուր առմամբ վարկաբեկած է միջազգային ֆինանսական պահուստներու հիմնարկը»,- ընդգծած է Միշուսթին: