Գործող աշխարհակարգը ճաքեր տուած է, սակայն դեռ չէ փլուզած: Նոր աշխարհակարգը սաղմնային փուլի մէջ է, սակայն դեռ չի շտապեր ծնիլ: Այդ մասին դիմատետրեան էջին գրած է միջազգայնագէտ Սուրէն Սարգսեանը։
«Այսինքն՝ աշխարհակարգը իրողապէս փոխուած է, սակայն ձեւականօրէն դեռ գոյութիւն ունի երկրորդ աշխարհամարտի եւ ԽՍՀՄ փլուզման հետեւանքով ստեղծուած իրաւակարգը: Միջազգային իրաւունքի այնպիսի հիմնասիւներ ինչպիսիք են ՄԱԿ կանոնադրութիւնը, միջազգային դատարանը, հելսինքեան եզրափակիչ ակտը, ԵԱՀԿ-ը եւ այլն, սկսած են բխիլ միջազգային քաղաքականութենէն, այլ ոչ թէ ատոր հիմքերն են:
Այս կերպարանափոխութիւններու հետեւանքով միջազգային համերկրային հիմնարկները՝ ինչպիսիք են ՄԱԿ-ը, առեւտուրի եւ առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնները, յայտնուած են ճգնաժամի մէջ: Ընդհարմացման մէջ յայտնուած են այնպիսի կառոյցներ, ինչպիսիք են ԵԱՀԿ-ը, ՀԱՊԿ-ը, պաշտօնական եւ ոչ պաշտօնական տասնեակ դաշինքները:
Գործող աշխարհակարգը (World Order) վերածուեր է համաշխարհային անկարգութեան (World Disorder): Այս ամէնուն պատճառներն են իրողապէս ձեւաւորուած բազմաբեւեռ աշխարհը, որ արդէն յանգեցուցած է համաշխարհային «դրամագլուխի» փաստացի բաշխման: Համաշխարհային խաղցողներու գործողութիւնները Ուքրանիոյ մէջ, մինչ այդ ալ Աֆղանստանի, Սուրիոյ եւ այլուր՝ ըստ էութեան երրորդ համաշխարհային պատերազմ կը նշանակեն, սակայն սա ժամանակակից աշխարհին բնորոշ՝ նոր տեսակի աշխարհամարտ է իր այնպիսի նորագոյն դրսեւորումներով, ինչպիսիք են պրոքսի եւ հիբրիդային պատերազմները (անգլ.՝ hybrid warfare), տնտեսական պատժամիջոցները, կիբեր (սայպըր), տեխնոլոգիական (ճարտարարուեստի) եւ տնտեսական պատերազմները եւ այլն: Համաշխարհային գերտէրութիւններու գործողութիւններու հետեւանքով կ'աշխուժանան նաեւ գերտէրութիւները եւ տարածաշրջանային գերտէրութիւնները՝ ինչպիսիք են Թուրքիան, Հնդկաստանը, Փաքիստանը եւ այլն:
Այս ամէնուն հետեւանքով միջազգային հանրութիւնը (որ աւանդապէս կ'ընկալուի որպէս արեւմտեան հանրութիւն կամ յառաջադէմ աշխարհ) կ'ուզէ, որ Եւրոպայի խնդիրները ըլլան աշխարհի խնդիրներ, բայց աշխարհի խնդիրները չըլլան իր խնդիրները: Այսօր Արցախի մէջ շրջափակում է: Այն ոչինչով կը տարբերի Հիթլերի՝ Լենինկրատի շրջափակումէն: Սակայն այն միջազգային հանրութեան հետաքրքիր խնդիր չէ: Ինչո՞ւ հեռու կ'երթամ, տեղի հանրութեան ալ առանձնապէս հետաքրքիր չէ...