image
Հրատապ լուրեր:

«Արցախը պաշարուած է, եւ այդ մէկը միջազգային հանրութեան համար հետաքրքիր չէ». Սուրէն Սարգսեան

«Արցախը  պաշարուած է,  եւ այդ  մէկը  միջազգային հանրութեան համար հետաքրքիր չէ». Սուրէն Սարգսեան

Գործող աշխարհակարգը ճաքեր տուած է, սակայն դեռ չէ փլուզած: Նոր աշխարհակարգը սաղմնային փուլի մէջ է, սակայն դեռ չի շտապեր ծնիլ: Այդ մասին դիմատետրեան էջին գրած է միջազգայնագէտ Սուրէն Սարգսեանը։

«Այսինքն՝ աշխարհակարգը իրողապէս փոխուած է, սակայն ձեւականօրէն դեռ գոյութիւն ունի երկրորդ աշխարհամարտի եւ ԽՍՀՄ փլուզման հետեւանքով ստեղծուած իրաւակարգը: Միջազգային իրաւունքի այնպիսի հիմնասիւներ ինչպիսիք են ՄԱԿ կանոնադրութիւնը, միջազգային դատարանը, հելսինքեան եզրափակիչ ակտը, ԵԱՀԿ-ը եւ այլն, սկսած են բխիլ միջազգային քաղաքականութենէն, այլ ոչ թէ ատոր հիմքերն են:

Այս կերպարանափոխութիւններու հետեւանքով միջազգային համերկրային հիմնարկները՝ ինչպիսիք են ՄԱԿ-ը, առեւտուրի եւ առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնները, յայտնուած են ճգնաժամի մէջ: Ընդհարմացման մէջ յայտնուած են այնպիսի կառոյցներ, ինչպիսիք են ԵԱՀԿ-ը, ՀԱՊԿ-ը, պաշտօնական եւ ոչ պաշտօնական տասնեակ դաշինքները:

Գործող աշխարհակարգը (World Order) վերածուեր է համաշխարհային անկարգութեան (World Disorder): Այս ամէնուն պատճառներն են իրողապէս ձեւաւորուած բազմաբեւեռ աշխարհը, որ արդէն յանգեցուցած է համաշխարհային «դրամագլուխի» փաստացի բաշխման: Համաշխարհային խաղցողներու գործողութիւնները Ուքրանիոյ մէջ, մինչ այդ ալ  Աֆղանստանի, Սուրիոյ եւ այլուր՝ ըստ էութեան երրորդ համաշխարհային պատերազմ կը նշանակեն, սակայն սա ժամանակակից աշխարհին բնորոշ՝ նոր տեսակի աշխարհամարտ է իր այնպիսի նորագոյն դրսեւորումներով, ինչպիսիք են պրոքսի եւ հիբրիդային պատերազմները (անգլ.՝ hybrid warfare), տնտեսական պատժամիջոցները, կիբեր (սայպըր), տեխնոլոգիական (ճարտարարուեստի)  եւ տնտեսական պատերազմները եւ այլն: Համաշխարհային գերտէրութիւններու գործողութիւններու հետեւանքով կ'աշխուժանան նաեւ գերտէրութիւները եւ տարածաշրջանային գերտէրութիւնները՝ ինչպիսիք են Թուրքիան, Հնդկաստանը, Փաքիստանը եւ այլն:

Այս ամէնուն հետեւանքով միջազգային հանրութիւնը (որ աւանդապէս կ'ընկալուի որպէս արեւմտեան հանրութիւն կամ յառաջադէմ աշխարհ) կ'ուզէ, որ Եւրոպայի խնդիրները ըլլան աշխարհի խնդիրներ, բայց աշխարհի խնդիրները չըլլան իր խնդիրները: Այսօր Արցախի մէջ շրջափակում է: Այն ոչինչով կը տարբերի Հիթլերի՝ Լենինկրատի շրջափակումէն: Սակայն այն միջազգային հանրութեան հետաքրքիր խնդիր չէ: Ինչո՞ւ հեռու կ'երթամ, տեղի հանրութեան ալ առանձնապէս հետաքրքիր չէ...