Խօսք առնողները նաեւ նշեցին, որ Արցախի անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ ըլլալու մասին խօսակցութիւնները կտրականապէս մերժելի են եւ ընդդիմութիւնը բոլոր թոյլատրուած միջոցներով պիտի պայքարի այդ մօտեցումներուն դէմ:
Քիչ առաջ Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ իր աւարտին հասաւ Հայաստանի ընդդիմութեան հրաւիրած հանրահաւաքը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Երեւանի իր աղբիւրէն:
Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ հազարաւոր հայրենակիցներ այսօր փութացած էին հասնիլ Ազատութեան հրապարակ ներկայ ըլլալու Արցախի զօրակցութեան համար տեղի ունեցած հանրահաւաքին:
Կը նշուի նաեւ, որ հանրահաւաքի ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան ընդդիմադիր ՀՀԿ կուսակցութեան, «Հայաստան» դաշինքի, ինչպէս նաեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները: Խօսք առնողները բոլորն ալ շեշտեցին, որ Արցախի անվտանգութիւնը ամբողջ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի անվտանգութիւնն է: Անոնք նաեւ ներկայացուցին քաղաքական ընդհանուր պատկերը յայտարարելով, որ դէմ են որեւէ մակարդակի տեղի ունենալիք զիջումին, շեշտը դնելով նաեւ այն հանգամանքին վրայ, որ այսօրուայ իշխանութիւնները անպայման պէտք է հեռանան: