image

Արցախի ժողովին նոյնպէս անդրադարձ եղաւ սուրիահայութեան հարցերուն. Տ.Վահան արք.Յովհաննիսեան

Արցախի  ժողովին նոյնպէս անդրադարձ եղաւ սուրիահայութեան հարցերուն. Տ.Վահան  արք.Յովհաննիսեան

Օրերս  Արցախի մէջ գումարուած Հոգեւոր Գերագոյն Խորհուրդի  նիստին  այլ օրակարգերու կողքին, նոյնպէս անդրադարձ եղած է սուրիահայութեան  ընդհանուր իրավիճակին մասին: Այս մասին «Արեւելք»ին տեղեկութիւն փոխանցեց Ֆրանսայի  թեմի առաջնորդ Տ. Վահան արք. Յովհաննիսեան:

Խօսելով   Արցախի  մէջ   ժողով գումարելու  առիթին  մասին սրբազան  հայրը ըսաւ. «Մեզմէ իւրաքնաչիւր  ուզեց անձամբ ճակատ  այցելել`   մօտէն  ծանոթանալ     մեր զինուորներուն   վիճակին եւ ինչու չէ,  նաեւ    անձամբ շնորհակալութիւն յայտնել  մեր զինուորներուն,    իրենց հերոսական     կեցուածքներուն եւ սխրանքներուն համար»:  

Տ. Վահան Եպս. Յովհաննիսեան նաեւ յիշեցուց, որ Գերագոյն Հոգեւոր  Խորհուրդին  Արցախի մէջ  ժողով գումարելու որոշումը տրուած էր        Մայր Աթոռի մէջ կայացուած      Հոգեւոր Խորհուրդի վերջին նիստին ընթացքին, դիտել տալով, որ  «մեզի համար  շատ  իւրայատուկ պահեր  էին, ուր բոլորս խոնարհաբար  մեր մտածումները   կիսեցինք հայոց  անառիկ  սահմանները   պաշտպանող  մեր զինուորներուն եւ սպաներուն   հետ»:

Սրբազանը նաեւ յայտնեց, որ   «Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին  Բ..  Վեհափառ  հայրապետին թելադրանքն էր`  այս օրերուն ներկայ  ըլլալ    այնտեղ  եւ  մասնակցիլ    հերոսական  Արցախի անկախութեան  25-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւններուն»:

 

 


 

 Ան նաեւ    յատուկ շեշտով մը նշեց  Արցախի Գանձասարի վանքին մէջ   ժողով գը գումարելու  հանգամանքին մասին  դիտել տալով, որ «Շատ   հոգեւին պահեր ապրեցանք  ըլլալով  դարաւոր Գանաձասարի վանքէն ներս, որ երկար տարիներ    ոսոխի  տիրապետութեան տակ ըլլալէ ետք այսօր    մաս կը կազմէ   ազատ,  անկախ եւ հերոսական  Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան»:    

 Սրբազան  հայրե   պատասխանելով      «Արեւելք»ի  հարցին  կապուած՝  սուրիահայութեան   խնդրի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի նիստին օրակարգին վրայ ըլլալու   վերաբերեալ  պատասխանեց ՝   «Սուրիահայութեան օրակարգը միշտ ալ  մեր քննարկումներուն  եւ մտածումներուն  մէջ է եւ  այս     ժողովի  ընթացքին եւս    յատուկ զեկուցումներ  լսեցինք, կապուած ՝   սուրիահայութեան  ընդհանուր վիճակին  եւ      այնտեղի մեր    զաւակներուն  դիմագրաւած ընդհանուր  դժուարութիւններուն   մասին», վստահեցնելով, որ    Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.   Գարեգին Բ.ն Վեհափառ հայրապետ  անձամբ եւ մօտէն  կը հետեւի    սուրիահայութեան  խնդիրներուն  եւ    պէտք եղած   պարագային   յատուկ կարգադրութիւններ կ'ընէ  այդ առումով: