image

Արցախի մէջ. ՀՅԴ Գլխաւոր կեդրոնին մէջ հրդեհ

Արցախի մէջ. ՀՅԴ Գլխաւոր կեդրոնին մէջ հրդեհ

Փետրուար 11-ին՝ ժամը 3։13-ին, Արցախի Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան ճգնաժամային կառավարման կեդրոն՝ Ստեփանակերտ քաղաքի բնակչէն ահազանգ ստացուած է, որ Կնունեանցներու 17 հասցէին վրայ հրդեհ բռնկած է:

Օգնութիւն ցուցաբերելու, հրդեհի շիջման եւ վտանգի կանխարգելման նպատակով դէպքի վայր մեկնած է հրշէջ փրկարարական մէկ մարտական հաշուարկ եւ արագ արձագանգման յատուկ ստորաբաժանման հերթապահ օպերատիւ խումբը։

911 ահազանգման կեդրոնը հաղորդումը փոխանցած է «Շտապ բժշկական օգնութեան կայան», «Արցախէներգո», «Արցախգազ» ընկերութիւններուն։

Հրդեհը բռնկած է ՀՅԴ Արցախի կեդրոնական գրասենեակին մէջ։ Հրշէջ փրկարարները հրդեհը մեկուսացուցած են ժամը 3։28-ին, լիամարել` 3։48-ին։ Ամբողջութեամբ այրած է երկյարկանի գրասենեակի առաջին յարկին գտնուող պահակակէտը, ծխահարուած` միջանցքը։

Նախնական տուեալներով՝ պահակը` Ստեփանակերտ քաղաքի 50-ամեայ բնակիչ Մ. Ղ.-ն, ստացած այրուածքներով տեղափոխուած է հանրապետական բժշկական կեդրոն։ Ըստ բժիշկներէ ստացուած տեղեկութեան՝ վերջինիս վիճակը ծանր է։

Դէպքի առթիւ ստուգումներ կ'իրականացնէ ՆԳՆ ԱԻ պետական ծառայութեան պետական հրդեհային եւ տեխնիկական անվտանգութեան տեսչութիւնը: