image
Հրատապ լուրեր:

Արցախի հայաթափումէն ետք Ատրպէյճանի տիրապետութեան տակ անցած է 8 թանգարան

Արցախի հայաթափումէն ետք  Ատրպէյճանի տիրապետութեան տակ անցած է 8  թանգարան

Արցախի Հանրապետութեան բնակչութեան բռնի տեղահանութեան հետեւանքով ամբողջութեամբ կամ մասնակի Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած է 8 թանգարան: Յայտնած են Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան Պետական Խորհուրդէն:

2020 թուականի պատերզամի հետեւանքով Արցախի բռնազավթուած տարածքներու՝ Շուշիի եւ Հադրութի շրջաններու մէջ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ մնացած են եւս 10 թանգարան` 17070  ցուցանմուշներով եւ  արուեստի գործերու 8 հաւաքածու՝  1077 ցուցանմուշներով: