image

Արցախի ԱԺ-ն ընդունեց «բռնագրաւուած տարածքներու մասին» օրինագիծը

Արցախի ԱԺ-ն ընդունեց «բռնագրաւուած տարածքներու մասին» օրինագիծը

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը իր այսօրուայ` Փետրուար 16-ի արտահերթ նիստին առաջին ընթերցմամբ ընդունեց «բռնագրաւուած տարածքներու մասին» օրէնքի նախագիծը:

Օրինագիծով կը սահմանուի 1991-1994 եւ 2016 թուականներուն Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ 2020 թուականին Թուրքիոյ Հանրապետութեան եւ օտարերկրեայ զինեալ ահաբեկիչներու անմիջական մասնակցութեամբ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան կողմէ Արցախի Հանրապետութեան դէմ իրականացուած ռազմական յարձակման հետեւանքով բռնագրաւուած տարածքներու իրաւական կարգավիճակին ու անոնց վրայ տարածուող իրաւական յատուկ կարգի, պետական կառավարման եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու, կազմակերպութիւններու գործունէութեան առանձնայատկութիւններու, մարդու եւ քաղաքացիի իրաւունքներու եւ ազատութիւններու, ինչպէս նաեւ իրաւաբանական անձերու իրաւունքներու եւ շահերու պահպանութեան ու պաշտպանութեան հետ կապուած յարաբերութիւնները:

Նախագիծը փորձաքննութեան ենթարկուած է Ազգային ժողովի աշխատակազմի փորձագիտական ծառայութեան մէջ եւ առաջարկուած է նախագիծի ընդունման առնչութեամբ փոփոխութիւններ կատարել Ընտրական եւ Քաղաքացիական օրէնսգիրքերուն մէջ, «Տեղական հանրաքուէի մասին» օրէնքին մէջ:

Օրինագիծը, որ մինչ այդ արժանացած էր գլխադասային յանձնաժողովի հաւանութեան, ընդունուած է միաձայն` 31 կողմ, 0 դէմ, 0 ձեռնպահ ձայներու յարաբերակցութեամբ: