image

Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի ընդլայնուած նիստ՝ քննարկելու ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրները

Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի ընդլայնուած նիստ՝ քննարկելու ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրները

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը հրաւիրած է Անվտանգութեան խորհուրդի ընդլայնուած նիստ:

Օրակարգին մէջ Հանրապետութեան առջեւ ծառացած ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներն էին: Զեկուցումներով հանդէս եկած ենպաշտպանութեան, արտաքին գործոց ու տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարները:

Ներկայացուած հարցերուն շուրջ տեղի ունեցած են շահագրգիռ քննարկումներ, որոնց արդիւնքով նախագահ Յարութիւնեան շարք մը յանձնարարականներ տուած է պետական գերատեսչութիւններու ղեկավարներուն: