image

Արցախեան սահմանին զոհուած է 21-ամեայ զինծառայող Արայիկ Սարգսեանը

Արցախեան սահմանին զոհուած է 21-ամեայ զինծառայող Արայիկ Սարգսեանը

16 յունուարին՝ ժամը 12:35-ի մօտերը, ՊԲ հարաւարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացած է Հադրութի շրջանի բնակիչ զինծառայող 21 ամեայ Արայիկ Իգորի Սարգսեանը: Այս մասին կը յայտնէ ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը։ Մահուան հանգամանքները տակաւին յստակ չեն. մանրամասներ պարզելու համար քննութիւն կը կատարուի:

ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կե կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր ցաւակցութիւնը կը յայտնէ մահացած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն ու հարազատներուն: