Արմաւիրի մարզին մէջ, 30 մայիսին, վիճաբանութիւն-ծեծկռտուք տեղի ունեցած է, որու ժամանակ կրակոցներ հնչած են. ոստիկանութեան Վաղարշապատի բաժին տեղեկութիւններ հաղորդուած են, որ ժամը 21:30-ի սահմաններուն Արաքս գիւղին մէջ խումբ մը անձանց միջեւ վիճաբանութիւն սկասած է, որ վերածուած է ծեծկռտուքի եւ որու ժամանակ հնչած են կրակոցներ:
Shamshyan.com-ի հաղորդմամբ, պարզուած է, որ գիւղին մէջ կենցաղային հարցի շուրջ վիճաբանութիւն ծագած է նոյն գիւղի բնակիչներու միջեւ, որոնցմէ Գրիգոր Բ.-ն ստացած է մարմնական վնասուածք, իսկ, ըստ նախնական տեղեկութիւններու՝ անոր ընկերներէն մէկը իր մօտ գտնուող հրազէնով կրակոցներ արձակած է, որուն հետեւանքով սակայն, բաեբախտաբար, տուժածներ չկան:
Ոստիկանները խուլիկանութիւն կատարելու կասկածանքով բերման ենթարկած են Գեղամ Խ.-ն, որ եղած է Mercedes մակնիշի մեքենայով, ինչպէս նաեւ անոր 5 ուղեւորները:
Կարճ ժամանակ անց յայտնաբերուած է նաեւ Գրիգոր Բ.-ն:
Ոստիկանութիւնը կը ձեռնարկէ անհրաժեշտ հետախուզական միջոցառումներ՝ դէպքին առնչուող միւս անձանց ինքնութիւնը պարզելու ուղղութեամբ: Փաստի առիթիւ նիւթեր կը նախապատրաստուին: Նշանակուած է դատաբժշկական փորձաքննութիւն: Բերման ենթարկուածները ազատ արձակուած են: