image

Իրանի ԱԳ նախարարը բանակցութիւններ վարելու նպատակով ժամանած է Աշխապատ

Իրանի ԱԳ նախարարը բանակցութիւններ վարելու նպատակով ժամանած է Աշխապատ

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին ժամանած է Թիւրքմենստանի մայրաքաղաք Աշխապատ՝ երկիրին պաշտօնատար անձերուն հետ բանակցութիւններ վարելու նպատակով։ Այս մասին յայտնած է IRNA գործակալութիւնը։

Արաքչին Աշխապատ ժամանած է դիւանագիտական, տնտեսական եւ խորհրդարանական ոլորտներու ներկայացուցիչներէ բաղկացած պատուիրակութեան ուղեկցութեամբ։

Նախարարի միօրեայ այցի ընթացքին քննարկուելիք հիմնական թեմաներէն են երկկողմ յարաբերութիւնները, տարածաշրջանային ու միջազգային զարգացումները, ինչպէս նաեւ Իրանի եւ Թիւրքմենստանի միջեւ քաղաքական ու տնտեսական համագործակցութիւնն ամրապնդելու ուղիները։