image

Արա Աբրահամեան վերըստին ընտրուած է Ռուսիոյ հայերու նախագահ

Արա Աբրահամեան վերըստին ընտրուած է Ռուսիոյ հայերու նախագահ

Արա Աբրահամեանը վերընտրուած է Ռուսիոյ հայերու միութեան նախագահ: Այս մասին յայտնած են միութենէն։

Քրեմլի պետական պալատին մէջ կայացած Ռուսիոյ հայերու միութեան ութերորդ համագումարին Ռուսիոյ բոլոր մարզերէն պատուիրակները նաեւ ընտրած են Ռուսիոյ հայերու միութեան խորհուրդը եւ վարչութիւնը:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը նոյնպէս շնորհաւորած է Ռուսիոյ հայերու միութիւնը՝ տարեդարձի կապակցութեամբ։