Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման օրը ցանկացած հայու համար յարգանքի տուրք մատուցելու օր է։
Ուր ալ գտնուի հայ մարդը, ինչ երկրի մէջ ալ ապրի ինքնեկ մղումով մը կը յարգէ իր միլիոնաւոր զոհերուն յիշատակը։
Այս մասին կը խօսի մեկնաբան Սագօ Արեան, որ նաեւ կը նշէ, թէ Ապրիլը ունի երկու ուղենշային ճանապարհներ։
Առաջին եւ էական ճանապարհը միասնութեան ճանապարհն է, որ այսօր կը բոլորէ դժուարին պահեր։
Իսկ երկրորդը «ականում»ի ճանապարհն է, որ մեզի կը տանի նոր փորձութիւններու եւ անկումի։
Մեկնաբանը նաեւ կը շեշտադրէ, որ այս բոլորին զուգահեռ ամենաէականը Հայաստան երկրի հզօրացումն է՝ բանակով, տնտեսութեամբ ու արդիական համակարգով։
Արեան նաեւ նկատել կու տայ, որ ամենավտանգաւոր դրուածքն այն է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան թեման յաճախ կը շարունակէ մնալ օտար տէրութեանց հետաքրքրութեանց ծիրին մէջ, ու անոնք ՝ այդ տէրութիւնները խնդիրը կը շահագործեն միայն ու միայն յանուն իրենց շահերուն։
Այս բոլորին մասին՝ տեսանիւթով։
Չմոռնանք յիշեցնել մեր ընթերցողներուն՝ բաժանորդագրուիլ՝ Arevelk.am Youtube-եան ալիքին ու նաեւ հարկ եղած պարագային մեկնաբանութիւններ թողել նիւթերուն տակ։