image

«Անոնք մտադիր են, մինչեւ վերջին Ուքրանացի զինուորի ճամբով կռուիլ Ռուսաստանի դէմ». Լաւրով ամերիկացիներուն մասին

«Անոնք մտադիր են, մինչեւ վերջին Ուքրանացի զինուորի ճամբով կռուիլ Ռուսաստանի  դէմ». Լաւրով ամերիկացիներուն մասին

ՆԱԹՕ-ի երկիրները ամէն ինչ կ'ընեն` թոյլ չտալու քաղաքական պայմանաւորուածութիւններու միջոցով Ուքրանիոյ ռուսական յատուկ գործողութեան աւարտը: Այս մասին ըսած է Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրովը:

«Այժմ մենք ականատես ենք արեւմտեան դասական երկակի չափանիշերու եւ կեղծաւորութեան դրսեւորման: Հանրային աջակցութիւն յայտնելով Քիեւի վարչակարգին, ՆԱԹՕ-ի երկիրները կ'ընեն ամէն ինչ, որպէսզի թոյլ չտան գործողութեան աւարտը` քաղաքական պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերելով», ըսած է նախարարը:

«Լեհաստանով եւ ՆԱԹՕ-ի այլ երկիրներով անվերջ հոսքով տարատեսակ զէնքեր կ'ուղարկուին Ուքրանիա: Այս ամէնը կը կատարուի «ներխուժման դէմ պայքարի» պատրուակով, բայց իրականին մէջ ԱՄՆ-ն եւ Եւրոմիութիւնը մտադիր են մինչեւ վերջին ուքրանացին կռուիլ Ռուսաստանի դէմ, եւ անոնք բացարձակապէս անտարբեր են Ուքրանիոյի որպէս միջազգային յարաբերութիւններու անկախ առարկայի ճակատագրի նկատմամբ», յաւելած է Լաւրով:

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարը ընդգծած է, որ ԱՄՆ-ն եւ ՆԱԹՕ-ն «պէտք է ուշքի գան եւ դադրեցնեն զէնք ու զինամթերք մատակարարել Քիեւին», եթէ իսկապէս շահագրգռուած են ուքրանական ճգնաժամի կարգաւորմամբ: