image

«Անհիմն եւ անընդունելի» Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոցէն պատասխան Փաշինեանին

«Անհիմն եւ անընդունելի» Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոցէն  պատասխան Փաշինեանին

«Ինչ կը վերաբերի «Զանգեզուրի միջանցքի» վերաբերեալ Հայաստանի վարչապետի եռակողմ յայտարարութեան յայտնի դրոյթի բոլորովին «սխալ» մեկնաբանութեան եւ «անհիմն» յայտարարութիւններուն, կը նշենք, որ «Զանգեզուրի միջանցքը» կը նշանակէ Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ «պատմական կապի» վերականգնում։ Մեր երկիրը կ'ենթադրէ այս միջանցքի օգտագործումը խաղաղ եւ մարդասիրական նպատակներով։ 

 

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատասխանած է Հայաստանի վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանի՝ 10 նոյեմբերի կառավարութեան նիստին ունեցած ելոյթին՝ նշելով, որ ՀՀ վարչապետի յայտարարութիւնները «անհիմն եւ անընդունելի են»։

 

«Հայաստանի ղեկավարութեան այս մօտեցումը եւս մէկ «հարուած է» երկու պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան հաստատման գործընթացին», - ըսած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ի մամլոյ քարտուղար՝ Այհան Հաճիզատէ։

 

«Հայաստանը «կը խախտէ» իր միջազգային պարտաւորութիւնները՝ հրաժարելով կատարելէ 2020 թուականի 10 նոյեմբերի (9 նոյեմբերի) անձամբ Փաշինեանի կողմէ ստորագրուած եռակողմ յայտարարութիւնը, մասնաւորապէս նշուած փաստաթուղթի 4-րդ, 6-րդ եւ 9-րդ կէտերը...

 

Հայկական կողմը, «խախտելով» եռակողմ յայտարարութեան 9-րդ կէտով ստանձնած պարտաւորութիւնները, կը խաթարէ Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ հաղորդակցութիւններու բացման գործընթացը. Ատրպէյճան իր հերթին «ազնուօրէն» կը կատարէ իր պարտաւորութիւնը՝ կառուցելով Լաչինի նոր ճանապարհը, իսկ Հայաստանի վարչապետի յայտարարութիւնը Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի ճանապարհը փակելու մտադրութեան մասին ոչ այլ ինչ է, քան տարածաշրջանի մէջ իրավիճակի միտումնաւոր սրում»,- ըսած է ատրպէյճանցի դիւանագէտը։

 

«Ինչ կը վերաբերի «Զանգեզուրի միջանցքի» վերաբերեալ Հայաստանի վարչապետի եռակողմ յայտարարութեան յայտնի դրոյթի բոլորովին «սխալ» մեկնաբանութեան եւ «անհիմն» յայտարարութիւններուն, կը նշենք, որ «Զանգեզուրի միջանցքը» կը նշանակէ Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ «պատմական կապի» վերականգնում։ Մեր երկիրը կ'ենթադրէ այս միջանցքի օգտագործումը խաղաղ եւ մարդասիրական նպատակներով։ Եռակողմ յայտարարութեան համաձայն՝ Հայաստանը պարտաւորուած է անարգել հաղորդակցութիւն բանալ Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի միջեւ։ Այստեղ, ինչպէս նաեւ Լաչինի միջանցքին մէջ, խօսքը ճանապարհի ոչ թէ ռազմական կարիքներու, այլ միայն մարդոց եւ ապրանքներու տեղափոխման համար օգտագործման մասին է», - ըսուած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ի մեկնաբանութեամբ։