image

Անգարան պիտի չսատարէ, որ Շուէտը դառնայ ՆԱԹՕ-ի անդամ

Անգարան պիտի չսատարէ, որ Շուէտը դառնայ ՆԱԹՕ-ի անդամ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան, խօսելով անցած շաբաթ օր Սթոքհոլմի մէջ տեղի ունեցած ցոյցի ժամանակ Ղուրանի այրման մասին, ըսած է, որ Անգարան չի պաշտպաներ Շուէտիոյ՝ ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու դիմումը։

«Շուէտիոյ մէջ կատարուած զազրելի արարքը վիրաւորանք է բոլորի համար, որոնք կը յարգեն մարդու հիմնարար իրաւունքներն ու ազատութիւնները, ներառեալ իսլամներու իրաւունքներն ու ազատութիւնները»,- Էրտողանի խօսքերը մէջբերած է «Անատոլու» գործակալութիւնը։

Եթէ Շուէտը չյարգէ Թուրքիան, ինչպէս նաեւ իսլամներու կրօնական զգացումները, ապա ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու հարցով «մեզմէ ոչ մէկ աջակցութիւն կը ստանայ», ընդգծած է ան:

Շաբաթ օր դանիացի ակտիւիստ Ռասմուս Փալուտանը Շուէտի մէջ ցոյցի ժամանակ Թուրքիոյ դեսպանատան դիմաց այրած է Ղուրանը՝ իսլամի սուրբ գիրքը, որ Թուրքիոյ ԱԳՆ-ն որակած է «իսլամաֆոպ սադրիչ գործողութիւն»։