Թուրքիոյ զէնիթահրթիռային «Siper» համալիրը մեծ արագութեամբ թիրախներու վերջին փորձարկումներու ժամանակ հասած է 100 քիլոմեթրի։ Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ պաշտպանական արդիւնաբերութեան վարչութեան ղեկավար Իսմայիլ Տէմիրը:
Թրքական Sabah թերթը գրած է, որ «Siper»-ը պիտի դառնայ այլընտրանք C-400-ին եւ «Patriot»-ին:
«Մեր «Siper» հեռահար զէնիթահրթիռային համալիրը քայլ առ քայլ աւելի վեր կ'երթայ։ Վերջին փորձարկման ժամանակ պարզ դարձաւ, որ «Siper»-ը բարձր արագութեամբ թիրախներով կարող հասնիլ 100 քիլոմեթրի: Այս յաջող հարուածով «Siper»-ը եւս մէկ փուլ յաղթահարեց»,-Twitter-ի էջին գրած է Տէմիր։
Անցեալ տարուայ դեկտեմբերին Տէմիր յայտնած էր, որ Թուրքիոյ մէջ մշակուող «Siper» հեռահար հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը կրնայ հասնիլ կամ նոյնիսկ գերազանցել C-400 զէնիթահրթիռային համակարգին։