Թուրքիա ( «Շարք Ալ Աուսաթ»- Լոնտոն) Թուրք ապահովական մարմիններ խուզարկումներ կատարած են «Պուկուն» («Այսօր»- Խմբ.՝ «Արեւելք» ) օրաթերթի գրասենեակներէն ներս: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ Լոնտոնի «Շարք Ալ Աուսաթ» օրաթերթը: Թերթը այս առումով կարճ զրոյց ունեցած է «Պուկուն»ի գործադիր տնօրէն Էմրա Ալքըրի: Ալքըր ըսած է, որ չի բացառեր, որ նախքան յառաջիկայ Նոյեմբերին երկրին մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւնները իշխանութիւնները նպատակ դրած ըլլան «լռեցնել» ընդդիմադիր բոլոր ձայները: Ալքըր նաեւ ըսած է, որ հակառակ Անգարայի մէջ գրանցուած խուզարկումներուն թերթը լոյս պիտի տեսնէ սովորականին պէս: Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ «Պուկուն» օրեր առաջ կարեւոր համարուած տեղեկութիւններ հրապարակած էր թուրքիա- սուրիա սահմանային հատուածին վրայ յայտնաբերուած թրքական զինապահեստանոցներու մասին, որոնք տրամադրուած են ISIS ահաբեկչական խմբաւորման: «Շարըք Ալ Աուսաթ» չի բացառեր, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները «Պուկուն» դէմ խուզարկումները եւ ճնշումները այդ պատճառով կը բանեցնեն: Նշենք, որ թուրք անուանի պլոկեր Ֆուատ Աունի եւս ընդդիմադիր մամուլին դէմ նախատեսուած որոշ ճնշումներու մասին օրեր առաջ գրառում մը կատարած էր: