image

Կիւլէնիստները կը հերքեն իրենց «առաջնորդ»ին մահուան լուրը

Կիւլէնիստները կը հերքեն իրենց «առաջնորդ»ին մահուան լուրը

Անգարայի կողմէ պետական յեղաշրջման փորձի մէջ մեղադրուող իսլամական քարոզիչ՝ Ֆեթուլլահ Կիւլէնի մահուան մասին թրքական լրատուամիջոցներով տարածուած լուրերը չեն համապատասխաներ իրականութեան։ Այս մասին հինգշաբթի ԹԱՍՍ-ին յայտնած է Փենսիլվանիոյ մէջ Կիւլէնի կողմէ ստեղծուած «Ոսկեայ սերունդ» կազմակերպութեան ղեկավարութեան մօտիկ աղբիւրը։

«Այդ տեղեկութիւնը չի համապատասխաներ իրականութեան, այդ սուտ է», ըսած է աղբիւրը։

Աւելի վաղ թրքական ընդդիմադիր Oda TV լրատուականը յայտարարութիւն տարածած էր, որ Կիւլէն թունաւորուած է Փենսիլվանիա գտնուող իր տան մէջ։

Յիշեցնենք, որ 2016 թուականի յուլիսեան յեղաշրջումէն յետոյ Անգարան պահանջած է Կիւլէնի արտայանձնումը Միացեալ Նահանգներէն։ Կիւլէն 1999 թուականէն ի վեր կ'ապրի Փենսիլվանիա նահանգ կամաւոր աքսորի մէջ։