Արցախի համաժողովրդական շարժման միացած «Մենք Արցախն ենք» նախաձեռնութեան անդամները եւս մէկ անգամ հաւաքուած են ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակի դիմաց՝ իրենց կոչը յղելու միջազգային հանրութեան:
Ցոյցի մասնակիցները յայտարարած են, որ իրենք արցախցիներու կողքին են եւ Արցախը մինակ չէ։
Արցախցի Արեւիկ Պետրոսեան հնչեցուցած է իրենց պահանջը, որ պէտք է բանալ կեանքի ճանապարհը, որ Արցախի մէջ իրենց հայրենակիցները սովամահ չըլլան։
«Մենք նաեւ այստեղ ենք սատարելու այն կանանց, որոնք հացադուլ են յայտարարել ի աջակցութիւն սովի մատնուող արցախահայութեանը»,- պահանջ հնչեցուցած է ցոյցի մասնակիցը։
ՀՀ նախկին Մարդկային իրաւանց պաշտպան Լարիսա Ալավերդեանն ալ աւելցուցած է, որ Արցախի մէջ մարդիկ սովի կը մատնուին ոչ միայն Ատրպէյճանի, այլեւ լուռումունջ նայող միջազգային հանրութեան հիմնարկներու կողմէ:
«Ապահովէք կամ հողային, կամ օդային ճանապարհ։ Մենք ձեզանից սնունդ չենք ուզում, այն ինքներս ենք բերելու։ Ամօ՛թ է սովի մատնել 120 000 հայի, այդ թւում՝ 30 000 երեխայի։ Ամօ՛թ է, սով է Արցախում, բացէ՛ք ճանապարհը։
Ինչի՞ համար էք ամէն երկրում գրասենեակներ բացել։ Դուք կարողանում էք, բայց չէք անում։ Բացէ՛ք կեանքի ճանապարհը, կամ փակէ՛ք ձեր գրասենեակը»,- յայտարարած է Ալավերդեանը։
ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակի դիմաց բողոքի ցոյց իրականացնող արցախցիները քայլերթով գացած են նաեւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան գրասենեակի մօտ։
ՀՀ նախկին Մարդկային իրաւանց պաշտպան Լարիսա Ալավերդեանն Եւրոմիութեան հայաստանեան գրասենեակի դիմաց հարց հնչեցուցած է՝ «Յարգարժան Եւրոմիութեան դիտորդներ, դուք եկել էք դիտարկելու ցեղասպանութի՞ւնը, դուք եկել էք դիտարկելու, թէ ինչպէ՞ս են Արցախում երեխաները մահանում»։
Ալավերդեանն այնուհետեւ ըսած է․ «Դուք կը ցանկանայի՞ք, որ ձեր երեխան հիմա ապրէր շրջափակուած Արցախում։ Ինչո՞ւ էք ժողովրդին դէպի բախումների տանում, ինչո՞ւ չէք ուզում մասնակցել ցեղասպանութիւնից փրկելու գործին։ Ո՞ւր է ձեր ձայնը, ո՞ւր է ձեր գործողութիւնը, այդքան դժուա՞ր է պատժամիջոց ընդունել Ադրբեջանի նկատմամբ»։
Ցոյցի մասնակիցները յայտարարած են, որ Եւրոմիութեան համար խայտառակութիւն է Արցախի մէջ տեղի ունեցածը անտեսելը։
Մէկ այլ արցախցի ալ ըսած է, որ Շառլ Միշելը ցեղասանութեան կը դրդէ Պաքուն, երբ Աղդամով օգնութիւն կ'առաջարկէ Պաքուին։