image

Անդրանիկ Թեւանեանը հրաժարեցաւ աւագանիի անդամի մանթատէն

Անդրանիկ Թեւանեանը հրաժարեցաւ աւագանիի անդամի մանթատէն

Ես կը հրաժարիմ աւագանիի մանթատէն: Խմբակցութիւնը կը ղեկավարէ Մանուկ Սուքիասեանը, եւ մեր 12 անդամները իրենց աշխուժ գործունէութեամբ երեւանցիներու քուէն կ՚արդարացնեն:

Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է «Մայր Հայաստան» դաշինքի ղեկավար Անդրանիկ Թեւանեանը:

Ան նշած է, որ «Մայր Հայաստան» դաշինքի աւագանիները միշտ ուղիղ կապի մէջ պիտի ըլլան քաղաքացիներու հետ, իրենց խնդիրները պիտի բարձրաձայնեն եւ Երեւանի աւագանիի մէջ պիտի կատարեն վերահսկողական գործառոյթ եւ որոշումերու, նախաձեռնութիւններու նախագիծերը պիտի իրականացնեն:

«Ես ինչպէս նախընտրական փուլում էի յայտնել, երբ որ հրաժարւում էի Ազգային Ժողովի պատգամաւորի մանդատից, յայտարարում էի, որ անձամբ իմ խնդիրը Երեւանի աւագանի դառնալը չէ, այլ մենք օգտագործում ենք այս ընտրութիւնները իշխանափոխութեան նպատակով եւ քանի որ ես նաեւ յայտարարել էի, որ Երեւանի աւագանու մանդատ չեմ վերցնելու, ես հրաժարւում եմ աւագանու մանդատից»,-ըսած է ան: