Սեպտեմբեր-հոկտեմբեր ամիսներուն Լեռնային Ղարաբաղէն 220 աճիւն տեղափոխուած է Հայաստան, որոնց շարքին են հիմնական վառելիքի պահեստին մէջ տեղի ունեցած պայթումի զոհերը։ Այդ մասին յայտնած է Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն (ԿԽՄԿ)։
«Սեպտեմբեր-հոկտեմբեր ամիսներուն աջակցած ենք վիրաւորներու եւ բուժառուներու տարհանման, ինչպէս նաեւ նպաստած ընտանիքներու վերամիաւորմանն ու աճիւններու հետ արժանապատիւ վարուեցողութեան ապահովման։
Շուրջ 2,500 հեռախօսազանգ եւ այց ունեցած ենք անյայտ կորսուած անձանց ընտանիքներու կողմէ, որոնք կ՚որոնէին իրենց հարազատները կամ տեղեկութեան կարիք ունէին:
25 մարդ Ղարաբաղի մէջ կրցած է կապ հաստատել Հայաստանի եւ այլ երկիրներու մէջ գտնուող իրենց հարազատներու հետ տեսազանգերու եւ հեռախօսազանգերու միջոցով։
124 վիրաւոր եւ բուժառու տեղափոխուած է Հայաստան»,-ըսուած է Կոմիտէի յայտարարութեան մէջ։