image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄՆ ողջունած է 10 գերիներու ազատ արձակումը

ԱՄՆ ողջունած է 10 գերիներու ազատ արձակումը

Միացեալ Նահանգները կ'ողջունէ այս շաբաթ Պրիւքսէլի մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի բանակցութիւններէն յետոյ 10 հայ զինուորականներու ազատ արձակումը։ Այս մասին յայտնած է Պետական քարտուղարութեան մամուլի ծառայութեան ղեկավար Նետ Փրայսը։

«Մենք կ'ողջունենք Դեկտեմբեր 19-ին Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի մէջ 10 կալանաւորուած զինուորականներու ազատ արձակումը՝ ԵՄ աջակցութեամբ», գրած է ան թուիթրեան էջով։ «Մենք կոչ կ'ընենք ամբողջութեամբ եւ արագ ազատ արձակելու մնացեալ բոլոր կալանաւորները», յաւելած է Փրայս: