image

«ԱՄՆ-ի հնարաւոր յարձակումը Խարկի վրայ կը բարձրացնէ նաւթի գիները». Իրանի իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդ

«ԱՄՆ-ի հնարաւոր յարձակումը Խարկի վրայ կը բարձրացնէ նաւթի գիները». Իրանի իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդ

Իրանի խոշորագոյն նաւթային բեռնաթափման կայանի (թերմինալ) գտնուելու վայր՝ Խարկ կղզիին վրայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հնարաւոր յարձակումը զգալիօրէն պիտի ազդէ նաւթի արժէքին վրայ։ Այս մասին յայտնած է Իրանի Իսլամական Յեղափոխութեան Պահակագունդի ռազմածովային ուժերու հրամանատար Ալիռեզա Թանկսիրին։

«Եթէ Հորմուզի նեղուցի նկատմամբ խելացի վերահսկողութիւնը ձեզի բերաւ նաւթի գիներու նոր ցուցանիշներ, ապա Խարկ կղզիին վրայ յարձակումը պիտի ստեղծէ աշխարհի մէջ ուժանիւթի բաշխման եւ գիներու աւելի ծանր ու նոր հաւասարում»,– գրած է Թանկսիրին X ընկերային ցանցին մէջ։

Յիշեցնենք, որ Axios կայքը, յղում կատարելով իր աղբիւրներուն, հաղորդած էր, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը դիտարկէ իրանական Խարկ կղզին գրաւելու հնարաւորութիւնը։