image

ԱՄՆ Քոնկրեսի մէջ ներկայացուած երկկուսակցական օրինագիծն Ատրպէյճանի նկատմամբ պատժամիջոցներ կը պահանջէ

ԱՄՆ Քոնկրեսի մէջ ներկայացուած երկկուսակցական օրինագիծն Ատրպէյճանի նկատմամբ պատժամիջոցներ կը պահանջէ

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու պալատի անդամներ Տինա Թայթուսը (Դեմոկրատ, Նեւատա) եւ Կաս Պիլիրաքիսը (Հանրապետական, Ֆլորիտա) Քոնկրեսի մէջ ներկայացուցած են «Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներու վերանայման մասին» 2025-ի օրինագիծը, որ կը պարտադրէ Թրամփ-Վենսի վարչակազմին քննարկել Global Magnitsky Act-ի շրջածիրէն ներս Ատրպէյճանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու նկատմամբ սահմանափակումներ կիրառելու հարցը։ Օրինագիծը կը վերաբերի Պաքուի կողմէ պատերազմական յանցագործութիւններու, մարդկային իրաւանց խախտումներու եւ հայ ռազմագերիներու ու քաղաքացիական անձանց ապօրինի կալանաւորման դէպքերուն։

Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբը (ANCA) ողջունած է նախաձեռնութիւնը՝ յայտարարելով, որ այն կարեւոր քայլ է Ալիեւի վարչակարգի պատասխանատւութեան ենթարկման եւ հայ գերիներու ազատ արձակման ուղղութեամբ։

Թայթուսը, յիշեցնելով Լաչինի միջանցքի շրջափակման ու Արցախէն աւելի քան 100,000 հայերու բռնի տեղահանութեան հետեւանքները, նշած է. «Ժամանակն է, որ Ալիեւը եւ անոր կողմնակիցները գին վճարեն իրենց գործողութիւններու համար, այլ ոչ թէ շարունակեն ստանալ ռազմական աջակցութիւն եւ ներդրումային համաձայնագրեր»։

Իր հերթին Պիլիրաքիսը շեշտած է. «Թէպէտ անցեալ ամիս հրապարակուած խաղաղութեան հռչակագիրը կրնայ դրական ազդակ թուալ, Ատրպէյճանի շարունակուող յարձակումը եւ հայերու նկատմամբ ցեղասպանական էթնիք զտումը կը պահանջեն կոշտ արձագանգ։ Ամերիկեան հարկատուներու գումարները պէտք չէ ծառայեն բռնապետական վարչակարգին»։

Օրինագիծը կը պարտադրէ Միացեալ Նահանգներու նախագահին 180 օրուան ընթացքին որոշել՝ արդեօք աւելի քան 50 ատրպէյճանցի պաշտօնեաներ, ներառեալ ռազմական հրամանատարներ, դատախազներ ու դատաւորներ, կը համապատասխանեն «Մակնիթսքի ակտ»ին կամ պետական պիւտճէի մասին օրէնքի 7031(c) բաժնի շրջածիրէն ներս պատժամիջոցներու չափանիշերուն։ Անոնց շարքին են նաեւ Պաքուի գերութեան մէջ գտնուող Արցախի նախկին ղեկավարները։