Միացեալ Նահանգներու Գոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատի հետախուզութեան հարցերով յանձնաժողովի նախագահ Ատամ Շիֆը դատապարտած է Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած գործողութիւնները: Այս մասին ան գրառում կատարած է Ֆէյսպուքի իր էջով:
«Խորապէս անհանգստացած եմ այսօրուայ տեղեկութիւններով այն մասին, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը սահմանին յարձակած են հայ զինուորներու վրայ, կան տեղեկութիւններ զոհերու կամ տասնեակէ աւելի հայ զինուորներ ապօրինաբար գերեվարելու վերաբերեալ: Այս սանձազերծուած յարձակումը Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ հրադադարի մասին համաձայնութեան ուղղակի խախտում է եւ վառ յիշեցնումը այն բանին, որ Միացեալ Նահանգները պէտք է ընէ հնարաւոր ամէն բան՝ զսպելու Ատրպէյճանի շարունակուող յարձակումը», ըսած է Շիֆը:
Ան կոչ ըրած է ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան անյապաղ գործի անցնելու՝ օգտագործելու դիւանագիտական իւրաքանչիւր խողովակ ու հնարաւոր լծակ՝ կանխելու եւս մէկ զանգվածային մարդասիրական աղէտ ու ցոյց տալու ԱՄՆ-ի անսասան աջակցութիւնը հայ ժողովուրդին ու անոր ինքնիշխանութեան: