ԱՄՆ Պետական քարտուղարութեան մամլոյ խօսնակ Նետ Փրայսի փոխանցմամբ՝ Ուաշինկթընը կ'ակնկալէ, որ Ղազախստանի իշխանությունները կը լուծեն տնտեսական եւ քաղաքական հիմնախնդիրները:
«Մենք ուշադրութեամբ կը հետեւինք Ղազախստանի մէջ ՀԱՊԿ ուժերու տեղակայման: Մեզ կ'անհանգստացնէ արտակարգ դրութեան շարունակումը, մենք ցաւակցութիւն կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք տուժած են բռնութիւններէն, եւ խստագոյնս կը դատապարտենք բռնութեան եւ սեփականութիւնը ոչնչացնելու դէպքերը: Մենք կոչ կ'ընենք ցուցարարներուն՝ խաղաղ եղանակով դրսեւորելու բողոքը, իշխանութեան ալ կը յորդորենք զուսպ արձագանգել», ըսած է Փրայս:
Պետական քարտուղարութեան խօսնակը նաեւ ըսած է, որ Ուաշինկթընը հարցեր ունի Ղազախստանի մէջ ՀԱՊԿ ուժերու տեղակայման վերաբերեալ, քանի որ «Ղազախստանի կառավարութիւնը ունի իր միջոցները, եւ անոնք ամուր են»:
«Մենք Ղազախստանի իշխանութեան կը թողենք օտարազգի զինուած ուժեր սեփական տարածքին մէջ տեղակայելու վերաբերեալ տեսակէտեր յայտնելու հնարաւորութիւնը: Մենք շատ ուշադիր պիտի հետեւինք մարդու իրաւունքներու ոտնահարման որեւէ դէպքի եւ ղազախական հաստատութիւնները գրաւելու օտարազգի ուժերու բոլոր փորձերուն», ըսած է Նետ Փրայս: