image

Պայտըն մտահոգուած է Պելառուսիոյ մէջ միջուկային զէնք տեղակայելու Ռուսիոյ յայտարարութեամբ

Պայտըն մտահոգուած է Պելառուսիոյ մէջ միջուկային զէնք տեղակայելու Ռուսիոյ յայտարարութեամբ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն մտահոգուած է Պելառուսիոյ տարածքին մարտավարական միջուկային զէնք տեղադրելու Մոսկուայի յայտարարութիւններու առնչութեամբ: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին Միացեալ Նահանգներու առաջնորդը լրագրողներուն յայտնած է Հիւսիսային Քարոլինայէն Ուաշինկթըն վերադառնալէն ետք:

Պայտըն նաեւ շեշտած է, որ Ռուսիան առայժմ նման քայլի չի դիմեր:

«Անոնք այդպիսի բան դեռ չեն ըրած, եթէ ի հարկէ, այդ չէ կատարուած, մինչ իմ ուղղաթիռի մէջ ըլլալս», - ըսած է Սպիտակ տան ղեկավարը:

Լրագրողներու խնդրանքով մեկնաբանելով Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի յայտարարութիւնը միջուկային զէնքի տեղակայման մասին՝ Պայտըն նշած է. «Ան վտանգաւոր ուղերձ կը յղէ, որ անհանգստացնող է»:

Աւելի վաղ Սպիտակ տան առընթեր Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ռազմավարական հաղորդակցութիւններու համակարգող Ճոն Քըրպին ըսած էր, որ Միացեալ Նահանգները դեռ չէ տեսած Պելառուսիոյ տարածքին ռուսական միջուկային զէնքի տեղակայման ապացոյցներ:

Մարտ 25-ին Ռուսիոյ Դաշնութեա նախագահ Վլատիմիր Փութինը յայտարարած էր, որ Ռուսիոյ Դաշնութիւնը պելառուսական կողմի խնդրանքով պիտի տեղակայէ իր մարտավարական միջուկային զէնքը Պելառուսիոյ մէջ, ինչպէս Միացեալ Նահանգները վաղուց կ'ընէ իր դաշնակիցներու տարածքին մէջ։ Ռուսիոյ Դաշնութեա նախագահի խօսքով՝ այդ կը կատարուի առանց միջուկային զէնքի չտարածման ռեժիմը խախտելու: Փութին վստահեցուցած է, որ Մինսքը չի ստանար վերահսկողութիւն միջուկային լիցքերու նկատմամբ: